Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԴԷՊԻ ՀՌՈՄԿԼԱՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան՝ դէպի Հռոմկլայ նախատեսուած ուխտագնացութեան շուրջ։ Այս նախաձեռնութիւնը ձօնուած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին։
Զեքիեան Գերապայծառին ընկերացան Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆրատեան։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Շաբաթ, Մարտ 23, 2024