ՀՐԱՒԷՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ
Ասացէք դստեր Սիովնի.
ահա թագաւոր քո գայ քեզ
հեզ, եւ հեծեալ յէշ եւ յաւանակի իշոյ
(Մատթէոս 21.5)
Ծաղկազարդ է այսօր։ Այսօր տօնական օր է, քանի որ այլեւս վերջացած է Աղուհացքը՝ բուն անունը Մեծ պահքին։ Վարագուրուած Ս. Սեղանները բացուած են։ Թէեւ Մեծ պահքը իր փակուած վարագոյրով իսկութեան մէջ տրտմութիւն կը բուրէ, սակայն այս նուիրական շրջանը, ըլլալով ապաշխարութեան շրջան, խորքին մէջ կը յայտնուի հոգեւոր ուրախութիւն առթող իր ճշմարտութեամբ, որ աւետիսի հանգամանքով կը հասնի բոլորիս, որով Աստուած կը խօսի ըսելով. «Ես կենդանի եմ, որ ամբարիշտին մեռնիլը չես ուզեր, հապա որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի» (Եզեկիէլ, 33.11)։
Այս պահուն կը յիշենք Դռնբացէքի արարողութեան ընթացքին ներքուստ եղած յայտարարութեան բառերը. «Ահա կը տեսնուի մեր Տէրը Քրիստոսը. բազմած՝ Սեղանին վրայ եւ իրեն կը կանչէ իր կամքը կատարողները, ըսելով «ուր որ ես եմ, այնտեղ պիտի ըլլայ նաեւ ինծի հետեւողը»։ Ուստի այս տօնին մեր հոգեւոր աչքերուն տեսանելի է Քրիստոսի Սուրբ Սեղանին վրայ բազմած ներկայութիւնը։ Իրաւ է, թէ «երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան Քրիստոսի անունով՝ Ան այնտեղ կ՚ըլլայ անոնց մէջ» (հմմտ. Մատթէոս, 18.20)։ Սակայն այս անգամ ի ժամ Սուրբ Պատարագի կը տեսնենք Քրիստոսը Իր պատուական Մարմնով եւ Արեամբ։ Ուրեմն այս տօնը ուրախութեան տօն է։ Տօնակատարութիւն մը, որ նախադուռն է այն բոլոր սուրբ տնօրինութիւններուն, որոնք մի առ մի յիշատակուելով մեզ կը հասցնեն տարւոյն կարեւոր տաղաւարի տօնակատարութեան, ապրելու համար հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսին երջանկութիւնը։
Ծաղկազարդ է այսօր. տօնացուցային կոչումով՝ «Տօն Գալստեանն Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ յաւանակաւ յԵրուսաղէմ»։ Տօնական խանդավառութիւն մը կը նկարագրուի Սուրբ Աւետարանի մէջ։ Թագաւորական պատիւներ կ՚ընծայուի Քրիստոսի։ Ժողովուրդը ովսաննաներով ու ալէլուիաներով կը թնդացնէ Երուսաղէմը։ Ծերեր, երիտասարդներ եւ մանուկներ բոլորը կը միանան այս ցնծութեան մթնոլորտին։ Ուրախութիւն եւ ցնծութիւն կը տիրէ ժողովուրդի շրջանակէն ներս։ Արմաւենիի եւ ձիթենիի ճիւղերու ճօճումին կը միանայ բազմութեան աղաղակը. «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին. օրհնեա՜լ է ան, որ կուգայ Տիրոջ անունով. օրհնութի՜ւն բարձունքներու մէջ» (Մատթէոս, 21.9)։
Աստուծոյ քաղաքը իր տաճարով հրեայ ժողովուրդի հաւատքի կեանքի կիզակէտն էր, հրեայ բարեպաշտութեան կեդրոնը։ Ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հրեաներ կը հաւաքուէին տօնական առիթներով ընդ հովանեաւ տաճարին, ուր կը կատարուէր անտեսանելի Աստուծոյ՝ երեւելի եւ աներեւոյթներու Արարչին պաշտամունքը։ Տօնական առիթներուն գլխաւորն էր Պասէքի տօնը։ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի տարիներուն նշուած Պասէքի տօներէն յատկանշականն էր այս վերջինը՝ չորրորդը, քանի որ այս առթիւ Երուսաղէմ մուտք գործեց եւ այս մուտքին եւ անոր կապուած առաքելութեան կապակցութեամբ մարգարէութիւներ իրականացան։ Եսայի մարգարէն Սիոնի աղջկան կ՚աւետէր ըսելով. «ահա քու Փրկիչդ կու գայ. Ահա անոր վարձքը իրեն հետ է ու գործելու հատուցումը իր առջեւն է» (Եսայի, 62.11)։ Զաքարիա մարգարէն Սիոնի, Երուսաղէմի աղջիկը կը հրաւիրէր մեծապէս ուրախանալու թագաւորին գալստեան առթիւ, նշելով անոր գալստեան պարագաները, ներկայացնելով թագաւորին հանգամանքները. «Անիկա արդար է ու փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած, եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ։ Ահա քու թագաւորդ կու գայ» (Զաքարիա 9.9)։
Արդար է Քրիստոս, որ կը ներկայանայ բոլորին համար որպէս ազդակը արդարացման։ Ան կորսուածին նկատմամբ չունի յուսահատութիւն։ Յովհաննէս առաքեալ կը գրէ. «Եթէ մէկը մեղանչէ՝ Աստուծոյ առջեւ բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոսը՝ Արդարը եւ Անարատը. եւ Ան է մեր քաւութիւնը մեր մեղքերուն. Եւ ոչ միայն մեր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մեղքերուն» (Ա. Յովհաննէս, 2.1)։
Փրկիչ է Քրիստոս, որ Իր արիւնով փրկեց բոլոր անոնք, որոնք սատանայի կապանքներուն մէջ կը գտնուէին, ինչպէս որ յետագային Պօղոս առաքեալ պիտի գրէր. «…կայ մէկ Աստուած, նաեւ մէկ միջնորդ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ. մարդը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ տուաւ իր անձը իբրեւ փրկանք ամենուն համար» (Ա. Տիմոթէոս, 2.6)։
Քրիստոսի թագաւորութիւնը յիրաւի չէր նմաներ պատմութեան մէջ յիշուած աշխարհիկ թագաւորութիւններու։ Քրիստոս, չէր նմաներ Հռովմէական յաղթական աշխարհակալներուն, որոնք նժոյգներու վրայ հեծած ու զօրքերու առաջնորդութեամբ մուտք կը գործէին քաղաքներէ ներս։ Նաեւ չէր նմաներ արիւնարբու Հերովդէսին, որ անհանդուրժողութեամբ մէջտեղէն վերցնել կամեցաւ զԱյն, որ ըստ մարգարէութեան «իշխան պիտի ըլլար, որ պիտի հովուէր Իսրայէլը» (հմմտ. Միքիա, 5.2) եւ այդ անհանդուրժող կեցուածքին իբր հետեւանք «Բեթղեհէմի եւ շրջակայի երկու եւ երկու տարեկանէն վար մանուկները սուրէ անցնել» հրամայեց (Մատթէոս, 2.16)։ Քրիստոսի թագաւորութեան սահմանադրութիւնը հաստատուած է սիրոյ վրայ։ Քրիստոս Երուսաղէմ մտաւ իշու եւ աւանակի վրայ հեծած։ Այդ տեսարանը ցոյց կու տայ իր խոնարհութիւնը, համեստութիւնը եւ եկեղեցւոյ հայրերը անոր մէջ կը տեսնեն Քրիստոսի համայն մարդկութեան ուղղեալ առաքելութիւնը, թէ՛ Աստուած ճանաչող հրեայ ժողովուրդին եւ թէ՛ բազմաստուածեան հաւատքի խաւարին մէջ բնակող ու չաստուածներու երկրպագող հեթանոսներուն մէջ։
Քրիստոս, որ Երուսաղէմ կը մտնէր, իր հետ ունէր անտեսանելի յաղթանակի դրօշներ. յաղթանակ՝ տարուած ընդդէմ սատանայի (Մատթէոս, 4.11-12), յաղթանակ՝ չորեքօրեայ մեռեալ Ղազարոսի յարութեամբ ձեռք բերուած, նաեւ նշանաբանի դրօշը՝ մահուան դէմ տանելիք իր յաղթանակին. «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. ով որ կը հաւատայ ինծի, թէպէտ մեռնի ալ պիտի ապրի. իսկ ով որ կենդանի է եւ կը հաւատայ ինծի յաւիտեան պիտի չմեռնի» (Յովհաննէս, 11.25-26)։
Քրիստոս Հօր Աստուծոյ կամքով երկնային իր փառքէն մերկանալով աշխարհ եկաւ որպէս Փրկիչ աշխարհի։ Փրկիչը երբ Երուսաղէմ մուտք կը գործէր, երկրաւոր կեանքի անցեալ օրերուն սեւեռուած յետադարձ ակնարկ մը ցոյց կու տար իր հրաշագործութիւնները, անոնց առընթեր իր քարոզութիւնները, որոնք զարմանք կ՚առթէին զինքը լսողներու անմիջական շրջանակէն ներս, որովհետեւ «ոչ մէկ մարդ երբեք չէր խօսեր այնպէս, ինչպէս Ան» (Յովհաննէս, 7.46)։ Երեք տարուան երկրաւոր կեանքի ընթացքին գործեց, խօսեցաւ եւ յայտնեց Հօր Աստուծոյ կամքը, ըսելով. «Այս է Հօրս կամքը. ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ Անոր՝ յաւիտենական կեանքը ունենայ. Եւ ես վերջին օրը յարութիւն պիտի տամ անոր» (Յովհաննէս, 6.40)։ Այս բոլորով հանդերձ հայրակամ փրկարար տնօրինութիւնը կը սպասէր իր ժամանակին լրման, որպէսզի իրականանար։ Տնօրինութիւն մը, որուն մասին համառօտակի արտայայտուած էր ըսելով. «Ահաւասիկ Երուսաղէմ կ՚ելլենք, եւ մարդու Որդին պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն ձեռքը. Եւ մահուան պիտի դատապարտեն զայն ու պիտի մատնեն հեթանոսներու ձեռքը. Պիտի ծաղրեն զայն, պիտի ծեծեն ու պիտի թքնեն անոր վրայ. եւ պիտի սպաննեն. Ու ան երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ» (Մարկոս, 10.34)։ Քրիստոսի արտայայտութեան մէջ կը ներկայացուէր տնօրինութեան շղթայ մը, որուն իւրաքանչիւր օղակը կը ներկայացնէր անկրկնելի խորհուրդի մը յայտնութիւնը։ Ինչպէս որ «երբ ժամանակը իր լրումին հասաւ՝ Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ» (Գաղատացիս, 4,4), այս անկրկնելի օղակները կը սկսէին քայլ առ քայլ դարբնուիլ, իւրաքանչիւրը իր ժամանակին։ Եւ այս շղթային առաջին օղակն էր յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ Փրկագործութեան տնօրինութիւնը պիտի ընթանար ճանապարհէ մը, որ պիտի ունենար հանգրուաններ սկսեալ Երուսաղէմ մուտքէն։ Երուսաղէմէն պիտի ուղղուէր Վերնատուն, Վերնատունէն՝ Գեթսեմանի, Գեթսեմանիէն՝ Գողգոթայ, Գողգոթայէն՝ Սուրբ Գերեզման, Սուրբ Գերեզմանէն՝ Սուրբ Յարութիւն։ Փառաւոր դիմաւորումով սկիզբ առած ճանապարհին վրայ պիտի տեսնուէր վերջին ընթրիքի սեղանը, մատնութեան անարգ սակարկութիւնը, տրտմութիւն ու թախիծ բուրող պահերը, առանձնութեան մատնուած ըլլալու ցաւը, երկիւղէն յառաջացած ուրացումը, ծաղրանքի տեսարանը, տառապանքը, ոճրագործ աւազակի մը գերադասումը, մահուան անարգ գործիքը, աւազակներու հաւասարիլը, արտօսրալից պահերը, ի վերջոյ լացին ու կոծին դադարումը եւ անոնց ուրախութեան փոխարկումը՝ Սուրբ Յարութեամբ։
Երուսաղէմի մէջ հրեայ ժողովուրդի ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ կը կատարուէին մարգարէութիւնները, որոնք հրաւէր կը կարդային ուրախանալու եւ ուրախութեամբ դիմաւորելու թագաւորը, հեզը, արդարը եւ փրկիչը։ Իրաւ է, թէ նոյն բազմութիւնը հանդէս պիտի գար բոլորովին հակոտնեայ լոզունգներով, սակայն այդ մէկը պատճառ մը չէր որ մոռացութեան դատապարտուէր Երուսաղէմ մուտքին ապրուած խանդավառութիւնը մարդոց մտքերուն մէջ։ Իսկ մեզի՝ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն համար ի՞նչ իմաստ կը ներկայացնէ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնակատարութիւնը։ Ամէն բանէ առաջ մենք մկրտութեամբ անդամ դարձած ենք Քրիստոսի Մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ։ «Օտար եւ պանդուխտ չենք, այլ քաղաքակիցներ սուրբերուն եւ Աստուծոյ ընտանիքէն, շինուած առաքեալներու եւ մարգարէներու հիմին վրայ, որուն անկիւնաքարն է Քրիստոս Յիսուս» (Եփեսացիս, 2.20)։ Քրիստոս Հայրակամ տնօրինութիւնները լիովին լրացուցած եւ ներկայիս Հօր աջ կողմը բազմած, կը շարունակէ իր քահանայապետութիւնը։ Սուրբ Գիրքը, Եկեղեցւոյ Հաւատոյ Հանգանակը, ոչ միայն կը ծանօթացնեն Քրիստոսը, այլ նաեւ կ՚առաջնորդեն լաւ ճանչնալու զԱյն եւ ուրախութեամբ ընկալելու Քրիստոնէական ուսուցումները եւ բոլորով սրտիւ հաւատալու, թէ «առանց Քրիստոսի ոչինչ կարելի է ընել» (Յովհաննէս, 15.6)։ Քրիստոս, առաքեալները հրաւիրեց իր սիրոյն մէջ հաստատուն մնալու, հրաւէր մը որ ի զօրու է քրիստոնեաներու համար։ Ան որպէս բարի հովիւ փափաքող է որ, անմասն չմնանք իր ուրախութենէն, ուրախութիւնը մեր մէջ ըլլայ եւ մեր ուրախութիւնը ըլլայ կատարեալ (Յովհաննէս, 15.11)։ Քրիստոս իր լիութեամբը այս անգամ կու գայ մեզի համար. կու գայ մուտք գործելու նոր սիոնի՝ եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամի ներքին սենեակը։ Այդ սենեակը թէեւ փրկչական թելադրութեամբ աղօթքի պահուն առաջարկուած է գոց պահել (Մատթէոս, 6.6), այս պարագային պէտք է լայն բացուած մնայ, որպէսզի Փրկիչն Աշխարհի գայ, մուտք գործէ եւ բնակի հոն։ Քրիստոս կ՚ուսուցանէ, թէ «խնդրողը կը ստանայ, փնտռողը կը գտնէ, դուռը զարնողին պիտի բացուի» (Մատթէոս, 6.6)։ Յայտնութեան Գրքին մէջ կը կարդանք. «Ահաւասիկ ես դրան առջեւ եմ եւ կը բախեմ. եթէ մէկը ականջ դնէ իմ ձայնիս ու բանայ դուռը՝ պիտի մտնեմ անոր քով եւ պիտի ընթրեմ անոր հետ, ան ալ ինծի հետ» (Յայտնութիւն, 3.20)։ Քրիստոսի հետ ըլլալ. այս ուրախութիւնը թող իրականանայ եւ մնայ ընդմիշտ։ Այդ ուրախութիւնը թող յիշեցնէ այն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը, որ մեծով պզտիկով ապրեցաւ Երուսաղէմի ժողովուրդը։
Այսօր Ծաղկազարդ է. մարգարէներէ թելադրուած ուրախանալու օրինակով, նոյնպէս ընթանանք եւ ուրախութեամբ երգենք մեր եկեղեցւոյ գոհար շարակնոցի բառերով.
«Ովսաննայ ի բարձունս ալէլուիա. բարեբանեալ եկեալ անուամբ Տեառն ալէլուիա. եւ օրհնութիւն որ գալոցդ ես անուամբ Տեառն ալէլուիա»։
«Ովսաննա բարձունքներու մէջ, ալէլուիա. բարեբանեալ է Տիրոջ անունով եկողը ալէլուիա եւ օրհնութիւն որ Տիրոջ անունով պիտի գաս, ալէլուիա։
«Զուարճացիր եւ բերկրեա ժողովուրդ Աստուծոյ. մատո զոստս ծաղկեալս հաւատով եւ ասա. օրհնեալ որ եկիրդ թագաւոր տիեզերաց»։
«Զուարճացիր եւ բերկրէ Աստուծոյ ժողովուրդ, հաւատքով ծաղկած ոստեր մատուցէ եւ ըսէ. Օրհնեալ ես դուն որ տիեզերքի Թագաւոր եկար»:
(թարգմանութիւն՝ Եփրեմ Արքեպս. Թապագեան)
Ապրինք մեր հաւատքի գեղեցկութիւնները, մնալով հաւատարիմ մեր քրիստոնէական կոչումին։ Աղօթենք շարականի բառերով. «Թագաւոր երկնաւոր զեկեղեցի քո անշարժ պահեա, եւ զերկրպագուս անուանդ քում պահեա ի խաղաղութեան»։ Ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գատըգիւղ, 2024