ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ Տ. ՇՆՈՐՀՔ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան յատ­կան­շա­կան հան­դի­սու­թիւն մը։ Այս­պէս, Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ նշուե­ցաւ թե­մի նուի­րեալ հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րէն Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէ­միր­ճեա­նի քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան եւ օծ­ման, հո­վուա­կան ծա­ռա­յու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Տէր Հօր ծա­ռա­յած Վեն­նայ­սի Ս. Պետ­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ յո­բե­լե­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։

Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նը Լոս Ան­ճե­լը­սի հա­յու­թեան ե­կե­ղե­ցա­սէր շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած այս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ ու­ղար­կեց մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը՝ Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ։ Այս­պէս, օ­րուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց յո­բե­լեար Տէր Հայ­րը: Պա­տա­րա­գը ա­ւար­տե­լէն ա­ռաջ, Սրբա­զան Ա­ռաջ­նոր­դը խօսք առ­նե­լով՝ նախ անդ­րա­դար­ձաւ «քա­հա­նա­յա­կան կեանք»ի կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, վե­հօ­րէն վե­րար­ժե­ւո­րե­լով «ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին քրիս­տո­նէա­կան հան­գա­ման­քը, ա­նոր բարձ­րու­թիւ­նը եւ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մեր կեան­քէն ներս»: Ա­պա, նկա­տի ու­նե­նա­լով յո­բե­լեար ե­կե­ղե­ցա­կա­նին 25 տա­րի­նե­րու ար­դիւ­նա­շատ ծա­ռա­յու­թիւ­նը, մաս­նա­յա­տուկ կեր­պով շեշ­տեց եւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս գնա­հա­տեց «Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տէր Հօր ե­կե­ղե­ցա­կան բա­ցա­ռիկ ծա­ռա­յու­թիւ­նը, յատ­կան­շուած անձ­նուի­րու­մի, զո­հա­բե­րու­թեան, մար­դա­սի­րու­թեան եւ հա­ւատ­քի ցայ­տուն ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով»: Սրբա­զան Հայ­րը եզ­րա­կա­ցուց, որ «Հայ Ե­կե­ղե­ցին իս­կա­պէս կա­րի­քը ու­նի ծա­ռա­յա­կան նման կեանք ցու­ցա­բե­րող ան­կեղծ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու, ո­րոնք խոր գի­տակ­ցու­թեամբ կը ծա­ռա­յեն մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին»:

Այս ա­ռի­թով, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու գնա­հա­տող ծա­փող­ջոյն­նե­րուն ներ­քեւ, Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը Ս. Պա­տա­րա­գի գե­ղե­ցիկ սկիհ մը նուի­րեց յո­բե­լեար Տէր Հօր, որ­պէս­զի «Ա­նով երբ պա­տա­րա­գէք՝ յի­շէք նաեւ ձեր բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը», եզ­րա­կա­ցուց Սրբա­զա­ն Հայ­րը:

Բնա­կա­նա­բար խօսք ա­ռաւ նաեւ յո­բե­լեար Քա­հա­նայ Հայ­րը։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Աս­տու­ծոյ, Սրբա­զան Ա­ռաջ­նոր­դին եւ ի­րեն յա­տուկ հո­գե­խառ­նու­թեամբ մը՝ անդ­րա­դար­ձաւ ի­րեն տրուած պա­տի­ւին, իր կող­մէ ան­գամ մը եւս ընդծ­գե­լով իր քա­հա­նա­յա­կան կեան­քին, ծա­ռա­յա­կան նուի­րու­մին, ամ­բա­րած հո­գե­կան նուա­ճում­նե­րուն եւ ապ­րած մխի­թա­րու­թիւն­նե­րու մա­սին:

Ս. Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Ս. Պետ­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ Ծխա­կան մար­մին­նե­րու միաս­նա­կան աշ­խա­տան­քով, ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պուած էր ճաշ­կե­րոյթ մը, ո­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին ան­շուշտ ա­նոնք (շուրջ 500 հո­գի), ո­րոնք մօ­տէն կը ճանչ­նա­յին եւ այս կամ այն պատ­ճա­ռով ա­ռիթն ու­նե­ցած էին հան­դի­պե­լու ի­րեն եւ ա­ռիթ՝ զին­քը ճանչ­նա­լու:

Գոր­ծադ­րուե­ցաւ պատ­շաճ յայ­տա­գիր մըն ալ: Այս տօ­նա­կան օ­րուան ա­ռի­թով՝ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Տէր Հօր կեա­քէն քա­ղուած գե­ղե­ցիկ տե­սա­ժա­պա­ւէն մը, ուր նաեւ գնա­հա­տան­քի եւ ե­րախ­տա­գի­տա­կան խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին բազ­մա­թիւ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք հա­ւատ­քի եւ աշ­խա­տան­քի բե­րու­մով գործ ու­նե­ցած էին Տէր Հօր հետ:

Յայ­տագ­րի ա­ւար­տին, ան­գամ մը եւս ե­լոյթ ու­նե­ցան թէ՛ Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը եւ թէ՛ գնա­հա­տան­քի ու պա­տի­ւի ար­ժա­նա­ցած Տէր Հայ­րը: Եր­կուքն ալ դի­պուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձան քրիս­տո­նէա­կան սի­րոյ, նուի­րու­մի եւ ու­րի­շի օգ­նու­թեան եւ ծա­ռա­յա­կան բարձր ար­ժէք­նե­րու մա­սին:

Աս­տու­ծոյ գոր­ծը, երկ­րիս վրայ, կը շա­րու­նա­կուի ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու ճամ­բով: Ե­կե­ղե­ցին իր գի­տա­կից ու նուի­րեալ քա­հա­նա­նե­րով եւ վար­դա­պետ­նե­րով միշտ հե­տա­մուտ ե­ղած է եւ կը ձգտի «կեր­պա­րա­նա­փո­խել» մարդ­կու­թիւ­նը, ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, այ­սինքն՝ կը ձգտի «Աս­տու­ծոյ գերբ­նա­կան պար­գեւ­նե­րը փո­խան­ցել մար­դոց՝ Յա­ւի­տե­նա­կան Փրկու­թեան հաս­նե­լու հա­մար» (Շնորհք Եպսկ. Գա­լուս­տեան, Տե­ղիք Աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան, Ե­րու­սա­ղէմ, 1993, էջ 32): Խօս­քը «Աս­տու­ծոյ գերբ­նա­կան պար­գեւ­նե­րու» մա­սին է: Սուրբ Գրա­յին ու­սու­ցում­նե­րը ցոյց կու տան, թէ ա­ռանց «Աս­տու­ծոյ շնորհք»ին՝ մարդս չի՛ կրնար հա­ւա­տալ եւ չի՛ կրնար յա­րա­տե­ւել քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին մէջ:

Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը լուրջ աշ­խա­տանք է՝ ինք­նա­նուի­րում եւ զո­հո­ղու­թիւն պա­հան­ջող: Այս ներ­քին եւ ար­տա­քին շար­ժու­մը հո­գի­նե­րու հա­ւատ­քի եւ հա­մո­զու­մի խոր­քէն կը բխի: Ա­սոր հա­մար քա­հա­նա­յա­կան կեան­քը «ծա­ռա­յու­թեան» իւ­րա­յա­տուկ աս­պա­րէզ է, «հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն»՝ Աս­տու­ծոյ ժո­ղո­վուր­դը հո­վուե­լու քրիս­տո­սա­ւանդ աշ­խա­տանք (Մատ­թէոս Դ 19) եւ այդ պաշ­տօ­նին մէջ քա­հա­նան կան­չուած է ըլ­լա­լու «Աշ­խար­հը հա­մե­մող աղ եւ աշ­խար­հի խա­ւա­րը հա­լա­ծող լոյս» (Մատ­թէոս Ե 13-14):

Ե­կե­ղե­ցա­կա­նի «հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան» ո՛­րե­ւէ տե­սա­կի յո­բե­լեան կը մղէ մեզ՝ խո­րաց­նե­լու «քա­հա­նա­յա­կան կեանք»ին գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ ու­ժե­ղաց­նե­լու ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան աշ­խա­տան­քը:

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016