«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌՋԵՒ ԲՈԼՈՐԴ ԹՈՒԼԱՑԱՔ ԵՒ ԻՆԿԱՔ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին հերթական անգամ թիրախաւորեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան վերջերս յայտնած էր, թէ եթէ Եկեղեցին կը փափաքի զբաղիլ քաղաքականութեամբ, ապա կրնայ ստեղծել կուսակցութիւն մը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անմիջապէս արձագանգած էր իր այդ յայտարարութիւններուն։ Երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այդ արձագանգին կապակցութեամբ վարչապետի կարծիքը շօշափեց «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի լրագրողներէն մին։ Անշուշտ, որ ուշագրաւ էր այս հանգամանքը, քանի «Հայկական ժամանակ» օրաթերթը կը պատկանի Նիկոլ Փաշինեանին եւ ընտանիքին։ Վարչապետի երէկուան յայտարարութիւնները, դժբախտաբար, տարակարծութեան, քննադատութեան կամ հակազդեցութեան ընդունելի սահմաններէն դուրս եկան, ինչ որ խոր մտահոգութիւն ստեղծեց եւ հերթական անգամ հաւատացեալներուն եւ սփիւռքի մեծամասնութեան սիրտը արիւնեց։ Արդարեւ, ան թէեւ յայտնեց, որ չէր փափաքեր վիրաւորական բառապաշար օգտագործել, սակայն, յայտարարութիւններու շարունակութեան չկարողացաւ, ըստ երեւոյթին, ինքզինք զսպել եւ ակնարկութիւններ ըրաւ հոգեւորականներու «ընդհուպ մինչեւ սեռային առողջութեան» մասին։

Երբ համազգային համախմբման անհրաժեշտութիւնը աւելի քան երբեք հրատապ է հայ իրականութենէն ներս, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ որդեգրուած առկայ ընթացքը բաւական մտահոգիչ է ու մարդ չի գիտեր, թէ այս տհաճ ու կործանարար ընթացքը ե՛րբ կանգ պիտի առնէ։

Վարչապետի երէկուան յայտարարութիւններու լոյսին տակ, անշուշտ, օրակարգի վրայ կու գան նաեւ զանազան կասկածներ, թէ երկրի այժմու ղեկավարութիւնը այս ընթացքով որքա՞ն կրնայ երաշխաւորել քաղաքացիներուն խղճի եւ հաւատի ազատութիւնը՝ քանի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բացառիկ նշանակութիւնը նոյնիսկ երկրի Սահմանադրութեան մէջ մատնանշուած է։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան երէկուան ընդվզեցուցիչ իրադարձութիւններէն վերջ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հետեւեալ գրառումով.

«Այլեւս բաւական է այս թատերախաղին։ Տարիներ ձգեցիք եւ թշնամիները բերիք ու օղակեցիք Հայաստանը, դուք բոլորդ, որ կոչուած էիք պետութիւն կառավարելու, երկիր հզօրացնելու ու շէնացնելու եւ ազգ կերտելու։ Դուք բոլորդ՝ քաղաքական եւ այլեւայլ գործիչներդ, այդպէս ալ մնացիք անձնապաշտ՝ կոյր դառնալով հայրենիքի ու ազգի շահերու առջեւ։ Մարգարէ դարձած էիք, կանխատեսումներ ու վերլուծութիւններ կ՚ընէիք, աղմուկ, աղաղակ, լաց ու կոծ կ՚ընէիք, ո՞վ ձեր ձեռքէն բռնած էր, ո՞վ ձեզ շղթայած էր, որ տեսնելով մեծ վտանգը, ոչինչ ըրիք այս ողբերգական օրերը, տարիները ժամանակին կանխելու համար…

«Պետութիւնը արիւնաքամ ըրած էիք, ամէն ձեւով նաեւ հոգին՝ Հայոց Եկեղեցին կ՚ուզէիք տկարացնել, հեղինակազրկել, անշնչացնել։ Առաջինը ըրիք, ստացուեցաւ, սակայն Աստուծոյ Սուրբ Եկեղեցւոյ առջեւ դուք բոլորդ թուլացաք ու ինկաք, ձեր մեքենայութիւններն ալ քանդուեցան ու ոչնչացան։

«Այլեւս բաւական է ձեր այս քաղաքական նենգ, յիշաչար ու նուաստ խաղերուն, թատրոնին։ Ձեր մէջ գտէք կաթիլ մը խղճի խայթը եւ շտկեցէք ձեր սխալները, վերացուցէք ձեր գործած աւերները, գոնէ մասամբ մաքրեցէք ձեր ճակտի խարանը։ Միեւնոյնն է, հայոց անաչառ ու անկաշառ, իմաստուն ու արդար պատմութիւնը պիտի տայ ձեր գնահատականը։ Ժամն է, որ ազնուութեան ու արիութեան գործով մը՝ ձեր պաղած սրտերուն մէջ շողացնէք առ ձեզ Տիրոջ ողորմութեան յոյսը։

«Հայաստանը պէտք է յառնի, հայը պէտք է ելնէ. թող սա չըլլայ ձեր անձերու եւ անուններու ոտքի կոխան դառնալու գնով։

«Առաջնորդեցէք ժողովուրդը, սրբագրեցէք ձեր ուրացումը, դուրս եկէք ձեր դերերէն»։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2023