ՊԵՏՐՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՓԱՓԱՔԸ

«Տէր, բարւոք է մեզ աստ լինել» (Մատթէոս, 17.4)

Աստուած, Դրախտը իր գեղեցկութիւններով տրամադրած էր մեր նախածնողքին, որպէսզի վայելեն։ Սակայն մեղքը, որ անսաստութիւնն է Աստուծոյ կամքին դէմ, երբ սողոսկեցաւ իրենց կեանքէն ներս, զրկուեցան այդ վայելքէն, ըլլալով արտաքսեալներ։ Այդ օրէն սկսեալ մինչեւ այսօր մարդ արարածը դրախտանման վայր կը կոչէ բնութեան այն բոլոր գեղեցկութիւնները, որոնց կը հանդիպի զանազան առիթներով, տարբեր վայրերու մէջ։ Բնութեան գեղեցկութիւնները, ըլլան անոնք ծովահայեաց տեսարաններ, կամ դալարագեղ կամ ձիւնածածկ լեռներ, անտառներ, ծաղկազարդ դաշտեր, լիճեր, գետեր եւ կամ ջրվէժներ, կ՚առինքնեն մարդը իրենց զգլխիչ մասնայատկութիւններով։ Այր կամ կին, ո՞վ է ան, որ ի տես այսպիսի գեղեցկութեանց  ինքնաբերաբար չ՚ըսեր. «որքա՜ն լաւ է հոս, երանի թէ կարելի ըլլար հոս բնակիլ» եւ կամ գեղեցկութենէն տարուելով չ՚ըսեր «հոս բնակողը չի մեռնիր»։

Քրիստոսի պայծառակերպութեան եւ կամ այլ բառով այլակերպութեան տաղաւարին երբ կը տօնենք Աստուածայայտնութեան խորհուրդը, կը կարդանք Սուրբ Աւետարանի մեզի ներկայացուցած ոչ միայն տպաւորիչ, այլ նաեւ խորազդեցիկ գեղեցկութեան մը նկարագրութիւնը։ Գեղեցկութիւն մը, որ յիրաւի տարբեր է բնութեան որեւէ գեղեցկութենէն։ Գեղեցկութիւն մը, որ յայտնուած է լերան մը բարձունքին։ Գեղեցկութիւն մը, ուր ներկայ են աղօթող Քրիստոսը եւ իր երեք գլխաւոր առաքեալները, յանձինս Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի։ Գեղեցկութիւն մը, որուն մէջ զգալիօրէն կը տեսնուէր լոյսի տիրապետող ներկայութիւնը։ Գեղեցկութիւն մը, ուր փառքով տեսնուած էին Մովսէսը եւ Եղիան իրենց խօսակից ունենալով Աստուծոյ Միածին Որդին։

Քրիստոս այլակերպեցաւ, երբ լերան բարձունքին կ՚աղօթէր։ Ուրիշ անգամներ Սուրբ Աւետարանէն կը կարդանք իր կարեւոր աղօթքները, արտասանուած Ղազարոսի գերեզմանին առջեւ (Յովհաննէս, 11.42-43), նախքան իր խաչելութիւնը աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին մէկտեղումին (Յովհաննէս, 17.1-26), ինչպէս նաեւ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ (Մարկոս, 14.36-37)։ Սակայն այս պարագային Սուրբ Աւետարանը չի բացայայտեր, թէ ի՞նչ էր աղօթքի բնոյթը։

Գուցէ կը մտածէր Պետրոս առաքեալը, որ հետաքրքրական անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան էր, որ պայծառակերպութենէն առաջ աշակերտական սեղմ շրջանակի մէջ արտայայտած էր, թէ իրենց վարդապետը «Քրիստոսն էր, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մատթէոս, 16.16)։ Պետրոս առաքեալ այս արտայայտութեամբ արժանացած էր Քրիստոսի գնահատանքին։ Սակայն քայլ մը անդին նոյն Պետրոս առաքեալը երբ լսած էր Քրիստոսի կանխասացութիւնը իր չարչարանքներուն, մահուան եւ յարութեան մասին, Անոր հետ վէճի բռնուած էր ըսելով. «քաւ լիցի քեզ, Տէր, այդ բանը քեզի չի պատահիր»։ Այս խօսքն էր, որուն պատճառաւ այս անգամ յանդիմանուած էր Քրիստոսէն. «Ետիս գնա, սատանայ, դուն գայթակղութիւն ես ինծի համար, որովհետեւ քու մտածումներդ Աստուծոյ մտածումները չեն, այլ մարդոց» (Մատթէոս, 16.22-23)։ Պետրոս առաքեալ Քրիստոսի կանխասացութեան մէջ տեղ գտած երեք հայրակամ տնօրինութիւններէն միայն առաջին երկուքը նկատի ունեցած էր եւ իրեն համար անհասկնալի թուած էր գուցէ յարութիւնը։ Այս առումով ալ չէր կրցած հաշտուիլ այն բառերուն հետ, որոնք չարչարանք եւ մահ կը բուրէին։ 

Սուրբ առաքեալը, ականատեսը ըլլալով Քրիստոսի պայծառակերպութեան ոչ միայն առինքնուած էր տեսարանէն, այլ նաեւ՝ շուարած, այն աստիճան որ չէր գիտեր, թէ ի՞նչ կը խօսէր։ «Բարւոք է մեզ աստ լինել». իր յայտնած փափաքը, մատնուած հոգեվիճակի դրսեւորումն էր եւ Քրիստոս այդ փափաքին բնականաբար ընթացք չտուաւ, քանի որ ան առընչուած էր սահմանափակ կեցութեան մը հետ։ Պետրոս առաքեալ չէր ուզած բաժնուիլ իր Վարդապետէն։ Այս մէկը կը յիշեցնէ Ս. Աւետարանէն այլ դէպք մը, երբ  Քրիստոսի խօսքերը դժուարիմաց ընդունելով շատեր այլեւս չէին շրջեր Իր հետ։ Բնականաբար Քրիստոս ուզած էր հասկնալ, թէ արդեօք առաքեալնե՞րն ալ կը փափաքէին հեռանալ իրմէ։ Այս հարցումին ալ պատասխանած էր Պետրոս ըսելով. «Տէր, որո՞ւն պիտի երթանք։ Դուն յաւիտենական կեանքի խօսքերն ունիս։ Եւ մենք հաւատացինք ու ճանչցանք թէ դուն ես Քրիստոսը Աստուծոյ Որդին» (Յովհաննէս, 6.67-71)։

Յամենայնդէպս, Քրիստոսի աղօթքի պահը թագադրուեցաւ պայծառակերպութեան սքանչելի յայտնութեամբ, որուն կիզակէտն էր լոյսի փառաւոր ներկայութիւնը, որ յայտնաբերումն է Քրիստոսի՝ մարմնացեալ Բանին Աստուծոյ աստուածային բնութեան։ Իրաւ է, թէ Քրիստոս շատ հրաշքներ գործած էր եւ այդ հրաշքները ինքնին յայտնաբերումն էր Աստուածային ներգործութեան, ինչպէս որ Նիկոդեմոս վկայած էր ըսելով. «Ռաբբի, գիտենք որ Աստուծմէ եկած ես իբրեւ վարդապետ, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ կատարել այն նշանները զորս դուն կ՚ընես, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ» (Յովհաննէս, 3.2)։ Այս սքանչելի տեսարանին մէջ օրէնքի խորհրդանիշին՝ Մովսէսի եւ մարգարէից խորհրդանիշին՝ Եղիայի ներկայութիւնը եւ մանաւանդ անոնց խօսքերը զուգահեռ արտայայտութիւններ էին Քրիստոսի կանխասացութեանց հետ, որոնք ընդունելի չէին նկատուած Պետրոս առաքեալի կողմէ։ Հին կտակարանի այս երկու տիտան դէմքերու ներկայութիւնը ցուցիչն էր, թէ Քրիստոս լրումն էր օրէնքի եւ մարգարէութիւններու։  Այս հաւատքի ճշմարտութիւնը կը հաստատուէր նաեւ պայծառակերպութեան տեսարանի այլ մէկ երեսակին՝ բոլորը ծածկող ամպին ընդմէջէն։ Այդ ամպէն էր, որ լսուեցաւ Հօր Աստուծոյ ձայնը, Քրիստոսի անձին նկատմամբ կրկնակի բացայայտիչ բնոյթով. «Այս է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր մտիկ ըրէք» (Ղուկաս, 935)։

Պետրոս առաքեալի «բարւոք է մեզ աստ լինիլ» բառերով յայտնաբերուած գոհունակութիւնը յստակ կերպով սահմանափակում մըն էր Աստուծոյ Միածին Որդիին բուն առաքելութեան, որ էր փրկել աշխարհը մեղքի կապանքներէն։ Լաւ է բնակիլ պայծառակերպուած Քրիստոսի քով։ Լաւ է վայելել Աստուածային հրաշալի յայտնութեան վայրին գեղեցկութիւնը, նոյնիսկ յանձն առնելով տաղաւարաբնակ կամ վրանաբնակ դառնալը։ Սակայն կայ նաեւ այլ ճշմարտութիւն մը, «նաւերը նաւահանգիստին մէջ խաղաղ եւ ապահով կը մնան, սակայն անոնք նաւարկութեան համար սահմանուած են»։

Լերան մը մենութեան մէջ տաղաւարաբնակ Քրիստոս ինչպէ՞ս պիտի իջնէր աշխարհ, ինչպէ՞ս կեանքի պիտի կոչուէր Հօր Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագիրը։ Ինչպէ՞ս պիտի իրականանար իր կանխասացութիւնը չարչարանքի, մահուան եւ հուսկ՝ յարութեան մասին։ Լաւ է Քրիստոսի հետ բնակիլ։ Լաւ է Քրիստոսի մօտ ըլլալ։ Սակայն պարտ է ուշադիր ըլլալ եւ խտիր չդնել այն բոլոր Սուրբ Տնօրինութեանց միջեւ, որոնց բոլորը կեանքի կոչած է Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ կամքը կատարելու համար։

Մերօրեայ ընկերային կեանքի պայմաններուն մէջ Պետրոս առաքեալի արտասանած «բարւոք է մեզ աստ լինել» բառերը յաճախ կամայ եւ ակամայ կը լսուին աշխարհական նկատումներով, երբ այլընտրանքներ կը յարուցուին Քրիստոսի Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի եկեղեցւոյ առաքելութեան դէմ։ Եկեղեցին, Աստուծոյ Խօսքին ուղղութեամբ կը հրաւիրէ սուրբ պահելու կիրակին եւ կամ կարեւոր տօնական օրերը ու մասնակցելու՝ Սուրբ Պատարագին։ Քրիստոսի եկեղեցւոյ հաւատացեալները երբ կ՚ընդառաջեն հրաւէրին, իսկութեան մէջ ի խորոց սրտի կ՚ըսեն. «բարւոք է մեզ աստ լինել»։ Սակայն քիչ չեն թիւը անոնց, որոնք իրենց  ականջները կը խլացնեն Եկեղեցւոյ կանչին, իրենց կամքին համաձայն կատարուած կարգադրութեանց մէջ մնալու համար կը գործածեն նոյն բառերը. «բարւոք է մեզ աստ լինել»։ Հաւատացեալին «աստ»ը եւ իրենց ականջները խլացնողներու «աստ»ը բոլորովին իրարու հակոտնեայ վայրեր կը ներկայացնեն։  Երկրորդ տեսակի «աստ»ը բարւոք նկատողներ, իսկութեան մէջ կը նմանին Աւետարանի բառերով  «դպիրներու եւ կեղծաւոր Փարիսեցիներու, որոնք երկնքի արքայութիւնը կը փակեն մարդոց առջեւ, իրենք չեն մտներ եւ մտնողներուն ալ թոյլ չեն տար որ մտնեն» (Մատթէոս, 23.13)։ Այս երկրորդ տեսակի «աստ»երը նախընտրող անձերը պատճառ կը դառնան նաեւ եկեղեցւոյ տկարացման։ Այս երկրորդ տեսակի «աստ»երը նախընտրող ծնողներ չեն անդրադառնար, թէ պատճառ կը դառնան իրենց ընտանեկան յարկերու տակ մանուկներու եւ երիտասարդներու ուծացման, քանի որ այդ տեսակի «աստ»երու մէջ կը բացակայի Քրիստոսի օրհնալի ներկայութիւնը։

Աւելի քան դար մը առաջ ճիշդ այսօր նորապսակ Գէորդ Վարդապետ Չէօրէքճեան, ապագայի երանաշնորհ Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Տփխիսի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Վեհափառ Հայրապետի օծման Ե. տարեդարձի օր խօսած քարոզի որպէս վերջաբան ընդգծած էր Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր դերը մեր ժողովուրդի կեանքին առողջ գոյատեւմանը համար, ըսելով. «Պայծառակերպեալ Յիսուս, քեզի կը դիմեմ. Դուն որ երբեմն երկնային լուսովդ լուսաւորեցիր աշակերտներուդ միտքը՝ ըմբռնելու աստուածային ճշմարտութիւնները, լուսաւորէ եւ մեր միտքը այս փոքրիկ ճշմարտութիւնը հասկնալու։ Անսասան պահէ մեր Թաբորը՝ Սուրբ Էջմիածինը։ Երկար կեանք պարգեւէ Թաբորի լոյսով ոգեւորուած ու քեզի դէպի այդ լոյսը հրաւիրող մեր Վեհափառ Հայրապետին, եւ ցաք ու ցրիւ ինկած հալածեալ եւ տառապեալ Հայ ժողովուրդի բեկորները ի մի ժողովէ եւ կենդանացուր. Զի քո է կարողութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս. ամէն»։

Բոլորով սրտիւ միանալով երանաշնորհ Հայրապետի բառերուն, կ՚աղօթենք եւ կը մաղթենք, որ մեր բոլորիս «աստ»ը ըլլայ մեր Սուրբ Եկեղեցին, անոր կամարներուն տակ գտնենք մեր շինութիւնը եւ մխիթարութիւնը ու համարձակօրէն ըսենք. «բարւոք է մեզ աստ լինել»։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

18 յուլիս 2022, Ա. Օր Վարդավառի Պահոց, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022