Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԷՋ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ հովուական այցելութիւն մը տուաւ Պելժիա։ Ան տաղաւարի Ս. Պատարագին նախագահեց Լիէժի մէջ, ուր տուաւ տօնական պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Աւանդական խաղողօրհնէքի ընթացքին հաւատացեալներու ոգեւորութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։

Նորին Սրբազնութիւնը կեցութեան օրերուն քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Լիէժի վիճակաւոր Ժան-Փիէռ Տելվիլ Եպիսկոպոսին։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի մասնակցութեամբ Լիէժի ծխական խորհուրդը գումարեց ժողով մը։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան այն ծրագիրներուն շուրջ, որոնք որդեգրուած են ծուխին համար։

Պելժիոյ մէջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան տեսակցեցաւ նաեւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Անվերսի վիճակաւոր Եոհան Պոննի Եպիսկոպոսին հետ։ Քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն իրեն ընկերացաւ նաեւ հայր սուրբը։ 

 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2023