ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽԱՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնց կ՚ուղեկցէր Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան։

Իր օրհնութիւնը բաշխելով ուխտաւորներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց աշխարհասփիւռ հայորդիներու կապը Հայաստանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ, ինչ որ լաւագոյն առիթն է հոգեւոր նորոգութեան ու հայրենասիրական զգացումներու զօրացման։ Ան պատգամեց, որ ուխտաւորները հաւատքով զօրացած վերադառնան իրենց համայնքները եւ շարունակեն հայրենանպաստ գործունէութիւնը՝ նախանձախնդրօրէն ներգրաւուելով ազգային-եկեղեցական կեանքին։

Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ ուխտաւորներու զանազան հարցումներուն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 23, 2024