ԼՈՅՍ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ
Համայն աշխարհի հայութեան սիրտը այս շաբաթավերջին անգամ մը եւս կը տրոփէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գերակայ, ընդհանրական կեդրոնին մէջ ստեղծուած է տօնական մթնոլորտ։ Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան սրբազնասուրբ արարողութեան առթիւ թէ՛ բովանդակ հայաշխարհի եւ թէ համաքրիստոնէական ընտանիքի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ։ Սա Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանի երրորդ Միւռոնօրհնութիւնն է եւ Հայաստանի ներկայ անկախ հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին կազմակերպուած չորրորդը։ Յատկա-նըշական կը համարուի նաեւ, որ Միւռոնօրհնութիւնը տեղի կ՚ունենայ 2015 խորհրդաւոր թուականի մթնոլորտին մէջ զուգադիպելով Վարագայ Ս. Խաչի տօնին։
*
Արտասովոր ըլլալէ անդին, իւրաքանչիւր Միւռոնօրհութիւն պատմական նշանակութիւն ունի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Կրօնական խտացեալ զգացումներու, հաւատի աննախընթաց ապրումներու, հոգեւոր հրճուանքի առիթ մըն է Միւռոնօրհնութիւնը հայ-քրիստոնեայ մարդուն համար։ Եթէ միւռոնը դարերու խորքէն հասած խորհուրդ մը, յաջորդականութիւն մը կը խորհրդանշէ, ապա հայ-քրիստոնեայ մարդը այդ բոլորի այսօրուան կրողն է, այդ խորհրդանշական ժառանգութեան մերօրեայ ժառանգորդը, որ իր այսօրուան ընթացքով արթուն կը պահէ մեր հայրերու լոյս հաւատքը։ Աշխարհի որ անկիւնն ալ ապրի, հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալը այսօր իր ժառանգած մաքրամաքուր նուիրականութիւնները նոյն անաղարտութեամբ պահելու ուղղութեամբ նախանձախնդիր է ծայր աստիճան։ Հայ-քրիստոնեայ մարդը, կարծես ըլլայ բնազդաբար, կը զգայ, թէ իր ճակատը դրոշմուած է սրբալոյս միւռոնով, որու լոյսը կը ճառագայթէ իր կեանքի ճանապարհին եւ այդ լոյսի իմացականութեամբ՝ իր քայլերը զինք կ՚առաջնորդեն դէպի Հայց. Առաքելական Եկեղեցի։ Հայ-քրիստոնեայ մարդը լաւ գիտէ, որ երբ կը մասնակցի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքին, իր անձնական օրինակով արդէն իր յաջորդներուն լուռ, բայց ազդու կը պատգամէ՝ հետեւելու իր քայլերուն եւ չզրկուիլ կեանքի ողջ տեւողութեան իր մկրտուած սուրբ աւազանի նախախնամական հոգածութենէն եւ աստուածային հովանիէն, որ հաւաքական մեր կեանքէն ներս կը դրսեւորուի, երբ արծարծուած կը պահուի հոգեւոր միասնականութեան ոգին։ Եւ վերջապէս, այն վեհ գաղափարին վրայ խարսխուելով հայ-քրիստոնեայ մարդը կը գիտակցի, որ այս բոլորը իր կեանքին մէջ ամենաշօշափելի ձեւով պիտի իմաստաւորուին, զգալի պիտի դառնան, երբ որդիական կապուածութեամբ, հաստատակամ հաւատարմութեամբ կը մնայ համախմբուած՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ լուսաբեւեռ կեդրոնին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շուրջ։
Միւռոնօրհնութեան արարողութեան պատմական փուլին, հայ ժողովուրդը հայեացքը ուղղած է դէպի Սուրբ Էջմիածին, բոլորի սրտին մէջ արձագանգ կը գտնեն Մայր Տաճարի զանգակներուն զուարթ ղօղանջը, բոլորը ականջ կու տան սրբազան երգեցողութեան, բոլորի մտքին մէջ են սրբալոյս միւռոնի կաթսայի փայլուն շողերը, նաեւ ամէն մարդ հոգեւոր հաղորդակցութեան մէջ կը զգայ ինքզինք իր պատուական հայրապետին հետ։ Միւռոնօրհնութիւնը այնպիսի հանգրուան մըն է, որ հայ-քրիստոնեայ մարդու յիշողութեան մէջ կը թարմանայ, թէ իր Եկեղեցին անժամանակ հաստատութիւն մըն է, այդ յաւիտենականութեան հոլովոյթին մէջ ակամայ կապը կ՚ամրապնդուի բարոյական արժէքներու համակարգին, խղճի ազատութեան յանձնառութեան, հաւատի ուժին եւ այդ ուժէն բխած բոլոր դրական արգասիքներուն, եւ նոյնպէս այդ ուժէն ծնած ինքնավստահութեան եւ հանդուրժողականութեան հետ։
*
Հայոց Մայր Եկեղեցւոյ ծէսին եւ աւանդութիւններուն համաձայն, միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ բարձր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Իր գահակալութեան անցեալ շուրջ ինը տարուան ժամանակահատուածին երկրորդ միւռոնօրհնութիւնն է այս մէկը։ 2008 թուականէն եօթ տարիներ վերջ, ահա վերստին Մայր Տաճարի բեմին վրայ է սրբալոյս միւռոնի կաթսան։ Եւ այս միւռոնօրհնութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի շրջանի մը, երբ միւռոնի օգտագործումը, «սպառումը», անհամեմատօրէն աւելցած է մեր եկեղեցական կեանքէն ներս։ Հայաստանի անկախ պետականութեան բարենպաստ պայմաններն ու ընձեռած հնարաւորութիւնները լաւագոյնս արժեւորելով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գործունէութիւնը այնպիսի հարթութեան մը վրայ եկած է, որ արդէն ան հետզհետէ հանապազօրեայ ներկայութիւն կը դառնայ հայ-քրիստոնեայ մարդու կեանքէն ներս։ Ի շարունակութիւն այդ բազմակողմանի գործունէութեան, միւռոնի «սպառումն» ալ թափ ստացած է շնորհիւ ամէն տարի կատարուած բազմատասնեակ ձեռնադրութիւններուն, դէպի երկինք յարող եկեղեցիներուն եւ բնականաբար մկրտութիւններուն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն աշխարհի չորս ծագերը ուղարկուած սրբալոյս միւռոնը արդէն կ՚ապահովէ բոլորի հոգեւոր կապը՝ ամուր ու անքակտելի։ Սա Սուրբ Էջմիածնի ներգործութեան կնիքն է՝ հայ հաւատացեալներու կեանքէն, ապրումներէն ներս։ Եւ այսօր, միւռոնօրհնութեան վեհախորհուրդ պահուն, Սուրբ Էջմիածինը կը կանչէ իր զաւակները համախմբուելու իր պատմական կամարներուն, իր նուիրական բազմադարեան յարկին ներքեւ։ Սա Սուրբ Էջմիածնի աշխարհացրիւ «ուխտի մանուկներուն», Հայոց Հայրապետի հօտին հաւատարիմ ու հարազատ անդամներուն համահաւաքն է, հոգ չէ թէ բոլորը ֆիզիքապէս ներկայ չըլլան այնտեղ։ Մայր Աթոռի կոչը, Սուրբ Էջմիածնի կանչը այսօր նկատելի են բոլորի խորհուրդներուն, բոլորի բազկի զարկին մէջ։ Այսօր, միեւնոյն ժամանակ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վերջին տարիներու պատկառազդու վերելքին, մեծ ոստումներուն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան վիթխարի ձեռքբերումներուն, նուաճումներուն լոյսին տակ, բոլորին համար հասկնալի է, թէ որքան որ աւելնայ միւռոնի «սպառումը», այնքան կը սպիանան մեր հաւաքական կեանքին վէրքերը, այնքան կը նուազին մեր իրականութեան բացասականութիւնները։
*
Միւռոնօրհնութեան առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ժամադրուած են քոյր եկեղեցիներու կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ինչ որ վառ ապացոյցն է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հեղինակութեան, միջեկեղեցական վարկին եւ էքիւմենիք շարժման գծով ունեցած աշխոյժ դերակատարութեան։ Յանուն Վեհափառ Հայրապետին, անոնք Մայր Աթոռի մէջ կը հիւրընկալուին պատշաճօրէն եւ իրենց ներկայութեամբ կու գան վկայել, թէ համաքրիստոնէական ընտանիքը մասնակից է հայ ժողովուրդի հոգեւոր հրճուանքին, եղբայրական աղօթակցութեամբ։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանակից եկեղեցիներն ալ, անշուշտ, կը ներկայացուին արարողութեան ընթացքին։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ այլ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ կը մասնակցին արարողութեան։
Միւռոնօրհնութեան ընթացքին կը ներկայացուին նաեւ Հայց. Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռները։ Բաց աստի, աշխարհի չորս ծագերէն մեր եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդները կը մասնակցին միւռոնօրհնութեան արարողութեան, Սփիւռքէն հիւրերով եւ հազարաւոր ուխտաւորներով հանդերձ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024