ՍՈՒՐԲ ՄԻՒ­ՌՈ­ՆԻ ԱՍ­ՏՈ­ՒԱ­ԾԱ­ԲԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

Երկ­նա­յին օրհ­նու­թիւն­ներն ըն­կա­լե­լու եր­կու մի­ջոց­ներ ու­նինք. Ա­ռա­ջի­նը՝ ուղ­ղա­կի Աս­տուծ­մէ մեր հո­գիին մէջ իջ­նող ազ­դե­ցու­թիւնն է ա­ռանց ոե­ւէ միջ­նոր­դի: Այս ա­ռու­մով մար­դու եւ Աս­տու­ծոյ մի­ջեւ ոչ մէկ բան կրնայ մտնել:

Իսկ Աս­տուա­ծա­յին շնորհք­նե­րը մե­ծաւ մա­սամբ մե­զի կը հաս­նին միջ­նորդ­նե­րով, այ­սինքն նիւ­թա­կան եւ զգա­լի ա­ռար­կա­ներ եւ ան­ձեր կ­՚օգ­տա­գոր­ծուին հո­գե­ւոր շնորհք­նե­րու փո­խանց­ման հա­մար: Մեր կրօն­քի մէջ ջու­րը, հա­ցը, գի­նին, ա­ղը, իւ­ղը, խա­չա­ձեւ փայ­տը, մե­տաղ­նե­րը, սրբա­պատ­կեր­նե­րը, սրբա­զան ա­ման­նե­րը, սպաս­նե­րը, Ա­ւե­տա­րան ու Մաշ­տո­ցը, Սուրբ Նա­րե­կի Մա­տեա­նը, ձեռ­նադ­րուած հո­գե­ւո­րա­կա­նը, տա­ճար­նե­րը եւ այլն, որ­պէս շօշա­փե­լի միջ­նորդ­ներ կը կամրջեն մար­դու եւ Աս­տու­ծոյ մի­ջեւ, ա­ղեր­սե­լով եր­կին­քը երկ­րի հետ՝ հաս­նե­լու հա­մար ա­րա­րա­ծի օգ­նու­թեան, օրհ­նե­լու եւ սրբա­գոր­ծե­լու հա­մար աշ­խարհն ու մարդ­կու­թիւ­նը:

Այս միջ­նորդ­նե­րէն գլխա­ւորն է Սուրբ Միւ­ռո­նը, ո­րով­հե­տեւ ան վե­րո­յի­շեալ միջ­նորդ­նե­րու Միջ­նորդն է: Բո­լոր միւս միջ­նորդ­նե­րը Սուրբ Միւ­ռո­նով օ­ծուե­լով ի գործ կը դրուին: Ու­րեմն հա­սա­րակ նիւ­թե­րը սրբու­թեան գոր­ծիք կը դառ­նան Միւ­ռո­նով սրբա­գոր­ծուե­լով, օ­ծուե­լով: Սուրբ Հո­գիէն մե­զի փո­խան­ցուած շնորհք­նե­րուն ա­ռա­ջին օ­ղակն է Սուրբ Միւ­ռո­նը, որ ան­տե­սա­նե­լին տե­սա­նե­լի դարձ­նե­լու կա­րո­ղու­թեամբ է օժտուած: Այս ա­ռու­մով Միւ­ռո­նը Սուրբ Հո­գիի խորհր­դա­նիշն է եւ նաեւ «խոր­հր­դա­բար» Սուրբ Հո­գիին Ի՛նքն է մարմ­նա­ցած՝ իւ­ղին մէջ: Այս զար­մա­նահ­րաշ Խոր­հուր­դի մա­սին հե­ղի­նա­կա­բար խօ­սե­լու հա­մար այս գրու­թեան սեղմ տո­ղե­րը բա­ւա­րար չեն, ի հար­կէ, եւ սա­կայն կ­՚ար­ժէ հա­ղոր­դել հա­կիրճ բա­ցատ­րու­թիւն մը շա­հագր­գիռ ըն­թեր­ցո­ղին:

Աս­տուա­ծա­բա­նա­կան բա­ցատ­րու­թեամբ՝ Խոր­հուր­դը այն բանն է, ուր գերբ­նա­կա­նը կը մարմ­նա­ւո­րուի բնա­կա­նին մէջ ու հո­գե­ւո­րը կը պար­փա­կուի նիւ­թով: Օ­րի­նակ՝ Քրիս­տո­սի մար­մի­նը եւ ա­րիւ­նը Սուրբ Պա­տա­րա­գի հա­ցին ու գի­նիին մէջ կը մարմ­նա­ւո­րուին եւ հո­գե­ւոր շնորհք մը կը մա­տա­կա­րա­րուի մե­զի նիւ­թի միջ­նոր­դու­թեամբ: Ա­ւա­զա­նի ջու­րը մեղ­քե­րէն սրբուե­լու շնոր­քը կը պա­րու­նա­կէ իր մէջ: Այս բո­լո­րը ե­կե­ղե­ցա­կան լե­զուով «Խոր­հուրդ» (mystery, sacrament) կը կոչուին, քա­նի որ դէպ­քը պա­տա­հած պա­հուն մեր զգա­յա­րանք­նե­րով ան­հա­սա­նե­լի, գաղտ­նի եւ թա­քուն ի­րո­ղու­թիւն մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, որ­մէ ար­տաք­նա­պէս տե­ղեակ ենք միայն: Ե­ղե­լու­թեան «խոր»քը ծած­կուած է մեզ­մէ. Հա­ւատ­քով ըն­կա­լե­լի ար­դիւնք­նե­րով է միայն յայտ­նուած: Ե­կե­ղեց­ւոյ Խոր­հուրդ­նե­րը կը նմա­նին այն պտուղ­նե­րուն, ո­րոնք կը բուս­նին ան­տե­սա­նե­լի ար­մատ­նե­րէն: Այս պա­րա­գա­յին այդ ար­մատ­նե­րը լու­սե­ղէն մատ­ներն են ստեղ­ծա­րար Սուրբ Հո­գիին՝ մեր Աս­տու­ծոյ:

Այս բա­ցատ­րու­թիւ­նը լաւ հասկ­նա­լով եւ սրտանց հա­ւա­տա­լով ա­նոր՝ մուտք կրնանք գոր­ծել Սուրբ Միւ­ռո­նի Խոր­հուր­դի սահ­ման­նե­րէն ներս: Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նը այն օրհ­նուած իւղն է, զոր Սուրբ Հո­գին կ­՚օգ­տա­գոր­ծէ որ­պէս ձեռ­նոց մը ձեռ­նուե­լու հա­մար իր ա­րա­րած­նե­րու հետ: Ե­թէ Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի նշանն է Սուրբ Խա­չը, Սուրբ Միւ­ռոնն ալ Սուրբ Հո­գիին նշանն ու զօ­րու­թիւնն է այս աշ­խար­հի վրայ: Այս է պատ­ճա­ռը ա­հա թէ ին­չու մեր՝ հա­յե­րուս հա­մար գրե­թէ խա­չին չափ կա­րե­ւոր, էա­կան ու մե­ծահռ­չակ սրբու­թիւն մը դար­ձած է Ս. Միւ­ռո­նը: Ե­կե­ղեց­ւոյ այս յստակ ու­սու­ցու­մը կը հաս­տա­տուի Սուրբ Գրա­յին բա­ցա­յայտ ճշմար­տու­թեանց հի­ման վրայ: Հոս ա­նոնց­մէ հա­զիւ մի քա­նի հա­տին կրնանք ակ­նար­կել:

Աս­տուած Մով­սէս մար­գա­րէին յստակ հրա­ման մը կու տայ օծ­ման յա­տուկ ա­նու­շա­հոտ իւղ մը պատ­րաս­տե­լու՝ նոյ­նիսկ նշե­լով, թէ ա­նոր մէջ ինչ տե­սակ ա­նու­շա­հոտ խուն­կեր, ծա­ղիկ­ներ, ձէթ եւ այլ իւ­ղեր դրուե­լու էր ըստ չա­փի ու քա­նա­կի: (Գիրք Ե­լից գլ. 30, 40, Ղեւ­տա­կան 8:1-36): Այս իւ­ղով պէտք էր օ­ծուե­լով սրբա­գոր­ծուէին հե­տե­ւեա­լը. Վկա­յու­թեան Խո­րա­նը, Վկա­յու­թեան Տա­պա­նա­կը, զո­հա­սե­ղա­նը, Տա­ճա­րի եւ քա­հա­նա­նե­րու բո­լոր սպաս­նե­րը, ա­ւա­զա­նը եւ ա­նոր պա­տուան­դա­նը եւ նաեւ քա­հա­նա­նե­րը, մար­գա­րէ­ներն ու թա­գա­ւոր­նե­րը: Մով­սէ­սին ուղ­ղեալ Աս­տու­ծոյ սա խօս­քե­րը կ­՚ար­ձա­գան­գեն մեր Սուրբ Միւ­ռո­նի հաս­կա­ցո­ղու­թե­նէն եւս. «Այս իւ­ղով կը սրբա­գոր­ծես դուն ա­նոնք եւ ա­նոնք պի­տի դառ­նան սրբու­թիւն: Ան որ կը դպչի ա­նոր՝ կը սրբա­նայ: Ա­նով կ­՚օ­ծես Ա­հա­րո­նը եւ ա­նոր որ­դի­նե­րը, կը սրբա­գոր­ծես զա­նոնք, որ­պէս­զի ա­նոնք քա­հա­նա­յու­թիւն ը­նեն ին­ծի: Սրբա­զան օ­ծում­նե­րու հա­մար պի­տի գոր­ծա­ծուի այս իւ­ղը՝ ձեր սե­րունդ­նե­րու մէջ: Սրբու­թիւն է այս իւ­ղը եւ ձե­զի հա­մար սուրբ պէտք է մնայ»:

Իսկ Նոր Կտա­կա­րա­նի մէջ իւ­ղի գոր­ծա­ծու­թեան կը հան­դի­պինք Ա­ռա­քեալ­նե­րու կող­մէ, յատ­կա­պէս բժշկու­թեան պա­րա­գա­յին: Երբ Յի­սուս իր տաս­ներ­կու ա­շա­կերտ­նե­րը քա­րո­զե­լու ու­ղար­կեց, ա­նոնք «գա­ցին եւ սկսան ժո­ղո­վուր­դին քա­րո­զել, որ ա­պաշ­խա­րեն: Բազ­մա­թիւ չար ո­գի­ներ կը հա­նէին, շատ մը հի­ւանդ­ներ իւ­ղով կ­'օ­ծէին եւ զա­նոնք կը բժշկէին» (Մր 6.12-13): Դժուար չէ են­թադ­րել, որ ա­շա­կերտ­նե­րը իւ­ղով օ­ծե­լու գոր­ծը Տէր Յի­սու­սէն սոր­վե­ցան եւ զայն ա­ւան­դե­ցին Ե­կե­ղե­ցիին որ­պէս Տի­րոջ յստակ մէկ պա­տուէ­րը: Ըստ այնմ, Յա­կո­բոս Ա­ռա­քեալ իր նա­մա­կին մէջ կ­'ար­ձա­գան­գէ այս հրա­հան­գը. «Մէ­կը հի­ւան­դա­ցա՞ւ` թող կան­չէ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց­նե­րը, որ­պէս­զի իր վրայ ա­ղօ­թեն եւ իւ­ղով օ­ծեն զինք, Տի­րոջ ա­նու­նով» (Յկ 5.14):

 Քրիս­տոս ա­ռա­քե­լու­թեան ըն­թաց­քին մի քա­նի ան­գամ­ներ կի­նե­րու կող­մէ օ­ծուե­ցաւ որ­պէս խոր սի­րոյ եւ յար­գան­քի տուրք: Օ­րի­նակ. «Յի­սուս Բե­թա­նիա­յի մէջ բո­րոտ Սի­մո­նին տան մէջ սե­ղան բազ­մած էր, կին մը ե­կաւ, որ ազ­նիւ եւ սուղ նար­դոս իւ­ղի շիշ մը ու­նէր, եւ շի­շը կոտ­րե­լով` իւ­ղը թա­փեց Յի­սու­սի գլխուն» (Մր 14.3: Մտ 26.6-7): երբ Յի­սուս մե­ռաւ, կը տես­նենք թէ ինչ­պէս քա­նի մը բա­րե­պաշտ կի­ներ գա­ցին օ­ծե­լու ա­նոր մար­մի­նը (Մր 16.1):

Հին եւ Նոր Կտա­կա­րան­նե­րու այս կի­րա­րու­թիւն­նե­րը Ե­կե­ղեց­ւոյ վաղ ժա­մա­նակ­նե­րէն սկսեալ ա­նու­շա­հոտ իւ­ղի օգ­տա­գործ­ման ա­ւան­դու­թեան հիմք կազ­մե­ցին: Ե­կէ՛ք մենք ալ վեր­յի­շենք թէ ի­չե­րու հա­մար կ­'օգ­տա­գոր­ծենք Ս. Միւ­ռո­նը ա­ւան­դա­բար:

Երբ կը մկրտուինք ա­ւա­զա­նի ջու­րին մէջ կը խառ­նուի Ս. Միւ­ռո­նը եւ Միւ­ռո­նով կը կնքուինք, կը դրօ­մուինք: Քա­հա­նայ, ե­պիս­կո­պոս եւ կա­թո­ղի­կոս­նե­րը Միւ­ռո­նով օ­ծուե­լով պաշ­տօն կը ստա­նան ու վեր­ջին օ­ծու­մով կը թա­ղուին: Նոր կա­ռու­ցուած կամ նո­րո­գուած ե­կե­ղե­ցի­ներ ա­նով կը սրբա­գոր­ծուին: Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին օգ­տա­գոր­ծուած սպաս­նե­րը, գոյ­գե­րը, սկի­հը եւ խո­րա­նը Միւ­ռո­նով օ­ծուե­լով կը սրբա­նան: Բժշկու­թեան ու Ս. Ծնուն­դի ջրօրհ­նէք­նե­րը նաեւ Ս. Միւ­ռո­նով կը կա­տա­րուին: Այս բո­լոր գոր­ծա­ծու­թիւն­նե­րը մե­զի ար­դա­րեւ ը­սել կու տայ թէ երկ­նա­յին շնորհք­նե­րու բա­նա­լին է սրբա­զան Միւ­ռո­նը եւ հա­ւաս­տի­քը՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի եւ Աս­տուա­ծա­տուր պար­գեւ­նե­րու:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար կը կրէ մաս­նա­ւոր ի­մաստ­ներ նաեւ: Ամ­բողջ մէկ ազ­գը եղ­բայր­ներ կը դարձ­նէ իր ան­ցեա­լով եւ ներ­կա­յով: Մեր ազ­գա­յին միու­թեան հզօ­րա­գոյն խա­րիսխն է ան: Ա­ռա­քեալ­նե­րու օգ­տա­գոր­ծած իւ­ղէն ժա­ռան­գուած, Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի եւ բազ­մա­թիւ սուր­բե­րու ու հայ­րա­պետ­նե­րու ա­ղօթ­քով նուի­րա­գոր­ծուած այս Միւ­ռո­նը մեր գո­յա­տեւ­ման գաղտ­նա­գի­րը կը պա­րու­նա­կէ: Ա­նով ընդ­միշտ կա­պի մէջ ենք Աս­տու­ծոյ Ար­քա­յու­թեան հետ, որ կը զօ­րաց­նէ մեզ, տո­կու­նու­թեան կեն­սու­նակ ա­ւիշ կը նե­րար­կէ մեր ե­րակ­նե­րուն եւ ան­կոր­ծա­նե­լի կը դարձ­նէ հա­յու հո­գին: Աս­տուած ան­պա­կաս ը­նէ Սուրբ Միւ­ռո­նը մեր գլխէն որ­պէս­զի ոչ մէկ հայ զուրկ մնայ Ա­նոր յա­ւերժ ու յա­ւեր­ժաց­նող օրհ­նու­թե­նէն:

ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ

15/09/2015

 

 

 

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2015