ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց հաւաքական մկրտութեան արարողութեան։ Այսպէս, խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի այն 11 աշակերտներուն համար, որոնք նախապէս չէին մկրտուած։ Հաւաքական մկրտութիւնը իրականացուց թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Մկրտութեան խորհուրդին արժանացած սաներու կնքահայրները եղան՝ դպրոցի ծնողաց միութեան կամ տիկնանց յանձնախումբի անդամներ կամ անդամուհիներու ամուսինները։ Խորհրդակատարութենէն եւ դրոշմէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց նորոգ մկրտեալները եւ անոնց յանձնեց նուէրներ։

Եկեղեցական արարողութենէն վերջ դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2022