ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) գումարեց ժողով մը, որմէ վերջ յայտարարուեցաւ, թէ յառաջիկայ հոկտեմբերի 1-ին նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը յետաձգուած է։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը այս կապակցութեամբ հրապարակեց պաշտօնական զեկոյց մը, ըստ որու ԳՀԽ քննարկած է միւռոնօրհնութեան արարողութեան կատարման ընթացքը։ Այսպէս, նկատի ունենալով Արցախի շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակը՝ որոշուած է յետաձգել միւռոնօրհնութիւնն ու յարակից ձեռնարկները։

Ըստ համապատասխան մամլոյ հաղորդագրութեան, ԳՀԽ որոշեց նաեւ հոկտեմբերի 1-ը հռչակել Արցախի համար համազգային աղօթքի օր։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթքի կարգ տեղի պիտի ունենայ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2023