Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԸ

Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանի համալիրէն ներս երէկ յատկանշական օր մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, հանդիսաւոր ձեւով նշուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 30-ամեակը։ Յոբելեանի առթիւ տեղի ունեցած գոհաբանական արարողութիւնները կազմակերպուած էին մեծ շուքով։ Այսպէս, յոբելեար պատրիարքը Սուրբ Գէորգ Աթոռանիստ տաճար առաջնորդուեցաւ ծանրաշուք թափօրով մը՝ շրջապատուած տասներկու մետրապոլիտներու կողմէ։ Այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան քաղաքէս կամ արտասահմանէն հոգեւոր առաջնորդներ, միջեկեղեցական դէմքեր, քաղաքական գործիչներ, դիւանագիտական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։ Ֆէնէրի մէջ տեղի ունեցած եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին ի պատիւ ընդունելութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ Մոտայի Ծովային ակումբէն ներս։ Յոբելեար պատրիարքը հանդէս եկաւ պատգամով մը, որու ընթացքին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Բարձրեալն Աստուծոյ, ապա ուրախութիւն յայտնեց մէկտեղուած ըլլալու համար բոլոր անոնց հետ, որոնք փութացած էին այս յոբելեանի ուրախութիւնը բաժնելու։

Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի 30-ամեակին ընթացքին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուցին Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան։ Յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի անոնք բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին յունաց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին, որ փոխադարձեց եղբայրաբար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2021