ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՔԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրաքի նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ճեմալ Ռաշիտը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։
Ողջունելով Իրաքի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ այս այցելութիւնը կը նպաստէ երկու ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններու առաւել սերտացման եւ միջպետական կապերու ընդլայնման։ Խօսելով Իրաքի հայ համայնքի մասին՝ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ ան կը բերէ իր կարեւոր նպաստը երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ։ Ան այս առընչութեամբ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Իրաքի իշխանութիւններուն՝ համայնքի եւ անոր ազգային-հոգեւոր կեանքի նկատմամբ հոգածու ուշադրութեան համար։
Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի տեւողութեան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած ռազմական ու ցեղասպանական գործողութիւններուն, որոնց հետեւանքով տեղւոյն հայութիւնը ենթարկուեցաւ բռնի տեղահանութեան։ Ան ներկայացուց նաեւ Հայաստանի առջեւ ծառացած ան-վըտանգային եւ մարդասիրական մարտահրաւէրները։
Իր կարգին, նախագահ Ռաշիտն ալ յայտնեց, որ իր պատուիրակութեան Հայաստան այցելութեան նպատակն է առաւել ամրապնդել ու զարգացնել երկկողմանի համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս։ Ան անդրադարձաւ Իրաքի այժմու իրավիճակին եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ իշխանութիւններու կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն։ Ապտիւլլաթիֆ Ճեմալ Ռաշիտ գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Իրաքի հայ համայնքը եւս կարեւոր մասնակցութիւն կը բերէ երկրի յառաջընթացի կերտման ուղղութեամբ։ Հիւր ղեկավարը հաստատեց, որ Իրաքի իշխանութիւնները հետեւողական ջանքեր կը գործադրեն՝ ապահովելու համար երկրի ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու համերաշխ գոյակցութիւնը եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։
Նախագահ Ռաշիտ Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց այցելել Իրաք։
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ ազգապահպան առաքելութեան։