ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնման արարողութիւն։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գնահատանքին առարկայ դարձան չորս դէմքեր։ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» եւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշաններու եւ Հայրապետական սրբատառ կոնդակի արժանացան մեծարեալները։ Վեհափառ Հայրապետը շքանշաններ յանձնեց՝ «Կոմիտաս» երաժշտանոցի դասախօսներէն խմբավար Դաւիթ Ղազարեանին, Մատենադարանի փոխ-տնօրէններէն պատմաբան Կարէն Մատթէոսեանին, ճարտարապետ Գագիկ Կիւրճեանին եւ «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի մասնագէտներէն Տոց. Տօնարա Էլոյեանին։

Արարողութեան ընթացքին հանդիսաւորապէս ընթերցուեցան սրբատառ կոնդակները եւ Նորին  Սրբութիւնը մեծարեալներուն յանձնեց շքանշանները։ Ան հանդէս եկաւ նաեւ օրհնութեան խօսքով մը։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան «Նայիրեան» համոյթը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սարկաւագաց երգչախումբը։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին հիւրընկալեց նաեւ Հայաստանի Հրազդան եւ Ծաղկաձոր քաղաքներէն խումբ մը բազմազաւակ ընտանիքներ։ Այցելութիւնը կազմակերպուած էր Կոտայքի թեմի առաջնորդ Տ. Առաքել Արք. Քարամեանի ջանքերով։ Ամանորի տօնական շրջանին Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը փոխանցեց ընտանիքներուն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2019