ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով գումարուեցաւ։ Ամէն տարի Մեծ պահոց շրջանի սկիզբին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՚ունենայ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Այս տարի քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու հետեւանքով ընդլայնուած կազմով այս նստաշրջանին մասնակցելու հնարաւորութիւն չեն ունեցած ԳՀԽ-ի կարգ մը անդամները։ Ուստի, այս տարուան նստաշրջանը սկսաւ յարաբերաբար աւելի սահմանափակ թիւով ժողովականներու մասնակցութեամբ։

Նստաշրջանի առաջին օրը, մինչ օրակարգին անդրադառնալը, ժողովականները աղօթեցին անցեալ տարի ի Տէր ննջած եւ Արցախի պատերազմի ժամանակ զոհուած եկեղեցականներու համար։ Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը ժողովի առթիւ բոլորին բերաւ իր օրհնութիւնն ու պատգամը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան  համակարգի հաղորդումներով, նստաշրջանի ընթացքին մասնաւոր քննարկման առարկայ կը դառնան յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններով Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։ Ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին գերութեան մէջ յայտնուածներու եւ կորսուածներու վերաբերեալ խնդիրները։ Անդրադարձ կը կատարուի առկայ կացութեան մէջ արտագաղթի վտանգին, Արցախի սրբավայրերու պաշտպանութեան եւ պահպանութեան ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն, յետպատերազմի ու համավարակի պայմաններուն ներքեւ եկեղեցւոյ հովուական խնամքի եւ ծիսական կեանքի կազմակերպման վերաբերեալ հարցերուն։

Նստաշրջանի օրերուն կը ներկայացուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2020 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը, կը լսուին ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպման, Մայր Տաճարի ամրակայման ու հիմնանորոգման ընթացքին ու այդ նպատակով կազմակերպուած հանգանակութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ զեկուցումներուն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021