ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ էքիւմէնիք մակարդակով դիմագրաւելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու առկայ մարտահրաւէրները։ Այս շրջագծով, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերջին օրերուն Գահիրէի մէջ ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, ան մէկտեղուեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Աֆրամ Բ. Պատրիարքի հետ։ Սոյն հանդիպումը մաս կը կազմէր շուրջ քսան տարիներ առաջ Միջին Արեւելքի մէջ իրենց կեդրոնը ունեցող Արեւելեան Ուղղափառ «Ոչ-քաղկեդոնական» քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու համախմբումին։
Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ ստեղծուած յիշեալ կառոյցին նպատակն էր գործակցութիւն յառաջացնել Հայ, Ասորի ու Ղպտի եկեղեցիներուն միջեւ, Միջին Արեւելքի շրջագծէն ներս։ Միջեկեղեցական գործակցութիւնը կազմակերպուած հիմերու վրայ դնելու հեռանկարով՝ Գործադիր յանձնախումբ մը նշանակուած էր, ինչպէս նաեւ ենթայանձնախումբեր։ Անցնող տարիներու ընթացքին թէ՛ հոգեւոր պետերը եւ թէ յանձնախումբերը կանոնաւոր հանդիպումներ ունեցան Անթիլիասի, Դամասկոսի եւ Գահիրէի մէջ։ Սակայն վերջին մի քանի տարիներուն հանդիպումները կանոնաւոր չընթացան, նկատի ունենալով ասորի ու ղպտի պատրիարքներուն վախճանումը եւ նոր պատրիարքներու ընտրութիւնը։
Գահիրէի ղպտի պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած հոգեւոր պետերու հանդիպումէն առաջ Գործադիր յանձնախումբը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։ Գործադիր յանձնախումբը ապա իր զեկոյցը ներկայացուց հոգեւոր պետերուն։ Կատարուած ընդհանուր քննարկումներէն յետոյ երեք հոգեւոր պետերը միացեալ յայտարարութիւն մը կատարեցին։
Յիշեալ յայտարարութիւնը՝ շնորհաւորելէ ետք Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքի ընտրութիւնը, լայնօրէն կ՚անդրադառնայ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան, կը դատապարտէ ծայրայեղական շարժումներու վերաբերումը անմեղ մարդոց ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ, կը շեշտէ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան կարեւորութիւնը՝ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած, կը շեշտէ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, կ՚ողջունէ Արեւելեան քոյր եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութիւնը Կաթոլիկ, Անկլիքան եւ Ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ, եւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումին մասնակից դառնալը եւ կը յիշեցնէ Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու հանդիպման մը կարեւորութիւնը նկատի առնելով շրջանէն ներս ստեղծուած կացութիւնը։ Յայտարարութիւնը նաեւ կ՚անդրադառնայ ներկայ տարուան 100-ամեայ տարելիցին, եւ մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբադասման, եւ կոչ կ՚ուղղէ եկեղեցիներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու յիշեալ կարեւոր դէպքերուն։
Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպման ընթացքին շեշտեց, թէ յիշեալ կառոյցը Միջին Արեւելքէն ներս անհրաժեշտ է վերակազմակերպել, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ յոյժ կարեւոր նկատեց Արեւելեան Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը 1965 թուականին Ատիս Ապապայի մէջ գումարուած համագումարին նման, որպէսզի լայնօրէն քննարկուին մեր եկեղեցիները յուզող հարցերը։ Նկատի ունենալով Էրիթրիոյ եւ Հնդկաստանի քոյր եկեղեցիներու ներքին դժուարութիւնները, հոգեւոր պետերը յարմար նկատեցին յիշեալ հանդիպումը կայացնել յառաջիկային՝ եկեղեցիներու դժուարութիւնները լուծելէ ետք։
Եկեղեցական
- 11/27/2024