ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՑՆՑՈՒՄ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ներկայիս կը դիմագրաւէ լուրջ ցնցումներ։ Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս իրերայաջորդ ձեւով կը պատահին գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւններ, որոնք հանրային կարծիքին մօտ ծնունդ կու տան հարցականներու։ Այս ցնցումներուն հիմնական պատճառը այն է, որ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ ներկայիս շրջանառութեան մէջ դրուած են շարք մը պնդումներ, ըստ որոնց մանկապղծութեան դէպք մը ապրուած է Երուսաղէմի մօտ։ Իսրայէլի 10-րդ հեռուստաալիքը վերջերս արձագանգ հանդիսացած է այդ պնդումներուն, որոնք Հայաստանի շարք մը լրատուամիջոցներուն մօտ եւս արժանացած են ուշադրութեան։ Նախկին լիբանանահայ, այժմ սաղիմահայ 38-ամեայ Հրայր Եզեկելեան, որ 1990-ականներու սկիզբին ուսանած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, վերջին շրջաններուն ապացոյցներ կը ներկայացնէ, թէ տասներկու տարեկան հասակին սեռական բռնութեան ենթարկուած է հոգեւորականներու կողմէ։ Երեւոյթը այն է, որ երկար տարիներ լռութիւն պահելէ վերջ Հրայր Եզեկելեան որոշած է բարձրաձայնել մանուկ հասակին ենթարկուածին շուրջ։ Այս զգայացունց պնդումները ներկայիս պատճառ դարձած են, որ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը հերթական անգամ լարուի Սրբոց Յակոբեանց վանքին վրայ, ուր զուգահեռաբար կ՚ապրուի նաեւ հրաժարական մը։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ ու միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան հրաժարած է իր պաշտօնէն։ Թէ՛ վերոյիշեալ գայթակղեցուցիչ պնդումներով եւ թէ սոյն հրաժարականին նոյնաժամանակ արձանգանգ գտնելը, անխուսափելիօրէն, Երուսաղէմի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը հասցուցած է գագաթնակէտին։
Այս առաւօտ հեռաձայնային տեսակցութիւն մը ունեցանք Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանի հետ, որ բարի եղաւ պատասխանելու մեր հարցումներուն։ Նորին Սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց, թէ անցեալ Նոյեմբերին ենթարկուած է սրտի լուրջ գործողութեան մը։ Հիմնական երկու երակներէն մին փոխուած է։ Ան բոլորած է ապաքինման շրջանը ու ներկայիս բարեբախտաբար բնականոն վիճակի մէջ կը գտնուի։ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան ընդգծեց, որ իր հրաժարականը պայմանաւորուած է առողջական պատճառներով եւ ըսաւ.
«Չորս ամիս առաջ հրաժարեցայ՝ առողջութեան եւ տարիքի բերմամբ։ Տասնեօթ տարի վարեցի այդ պաշտօնը։ Արդէն 81 տարեկան եմ եւ բնութիւնը կը շարժի իր օրէնքով։ Աւելի երիտասարդ մէկը պէտք է ստանձնէր այդ պաշտօնը։ Ես շատ ուրախ եմ, որ Հայր Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան կը յաջորդէ ինծի։ Ան լաւ պատրաստուած հոգեւորական մըն է, լաւ անձ մըն է, եղած է իմ աշակերտս։ Իրեն կը մաղթեմ յաջողութիւն ու վստահ եմ, թէ տիրաբար պիտի վարէ իրեն վստահուած գործը»։
Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան մատնանշեց նաեւ, թէ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Տնօրէն ժողովը անցեալ շաբաթ ընդունած է իր հրաժարականը, հետեւաբար այս պարագան տակաւին նոր արձագանգ կը գտնէ ու կը համընկնի այլ իրադարձութիւններու հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, թէ իր տեսանկիւնէն այդ գայթակղութիւնը ցնցիչ է։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին գլխաւորութեամբ կազմուած է յանձնախումբ մը, որ ներկայիս հետամուտ է այդ հարցի քննութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը ճիշդ չհամարեց այս հարցին վերաբերեալ խօսիլ՝ մինչեւ այդ յանձնախումբին կողմէ եզրակացութեան հրապարակուիլը։
Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան աւելցուց, որ Հրայր Եզեկելեան նախկին լիբանանահայ մըն է եւ երկար տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէ սաղիմահայ համայնքին իր ընտանիքին հետ։ «Ես տասնութ տարիէ ի վեր կը գտնուիմ Երուսաղէմի մէջ։ Այն ինչ, որ կը խօսուի այսօր՝ պատահած է նախքան իմ այստեղ գալս եւ ես նման պնդումներ ցայսօր չէի լսած», ըսաւ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Տնօրէն ժողովը, որուն ատենապետն է Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեան, անցեալ Մարտի 16-ին գումարած էր ժողով մը։ Այս նոյն նիստին ընթացքին թէ՛ ընդունուած է Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանի հրաժարականը եւ թէ Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանի նշանակութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան վերոյիշեալ բոլոր պաշտօններէն հրաժարելով հանդերձ կը շարունակէ մնալ Տնօրէն ժողովի անդամ։ Տարեսկիզբէն ի վեր երեք անգամ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած է Տնօրէն ժողովի նիստ։
Մեր հարցման ի պատասխան՝ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան յայտեց, թէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այդ ժողովներէն որեւէ մէկուն ընթացքին որեւէ բացատրութիւն չէ տուած վերջերս Թուրքիա կատարած իր աղմկարար այցելութեան կապակցութեամբ։
ՆՈՐ ԴԻՒԱՆԱՊԵՏԸ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան նորանշանակ դիւանապետ ու միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան ծնած է 1980 թուականին՝ Հայաստանի Աշտարակի շրջանի Սասունիկ գիւղին մէջ։ Աւազանի անունով Յովնան, ան 1995 թուականին ընդունուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց վարժարանը, ապա Ընծայարանը։ 2000 թուականին ձեռնադրուած է սարկաւագ։ 2003 թուականին հոգելոյս Տ. Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանին կողմէ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ 2004-2009 թուականներուն ուսանած է Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով մանկավարժութեամբ, ընկերաբանութեան եւ հասարակաբանութեան վրայ։ 2005-ին նշանակուած է հոգելոյս Տ. Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեանի քարտուղար։ 2008 թուականէն ի վեր Երուսաղէմի Ընծայարանին մէջ կը դասաւանդէ։ 2009 թուականին նշանակուած է տպարանի տեսուչ։ 2010-ին ստացած է մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան։ 2010-2013 թուականներուն ուսանած եւ գերազանցութեամբ աւարտած է Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանի Կրթութեան կառավարման մագիստրոսութեան բաժինը։ 2012-ին նշանակուած է հայոց վանքի Կալուածոց գրասենեակի փոխ-տեսուչ։ 2013-2015 թուականներուն ուսանած եւ գերազանցութեամբ աւարտած է Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու մագիստրոսութեան բաժինը։ 2014-ին Միաբանական ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած է Տնօրէն ժողովի անդամ, ապա՝ նոյն ժողովի ատենադպիր։ 2014-ին մասնակցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին՝ ներկայացնելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը։ Անցեալ տարի Տնօրէն ժողովին կողմէ նշանակուած է Սուրբ Տեղեաց քարտուղար։