ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիոյ «Փիթէր Փազման» կաթոլիկ համալսարանի պատուիրակութիւնը։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն ներս Նորին Սրբութիւնը տեսակցեցաւ համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Սուրոմի Սապոլչիի, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հետ։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։
Հանդիպման սկիզբին արտասանուեցաւ Տէրունական աղօթքը, ապա Ռուբէն Միրզախանեան ուրախութիւն յայտեց հիւրերու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կատարած այցելութեան կապակցութեամբ։ Ան կանգ առաւ երկու կրթական հաստատութիւններուն միջեւ ձեւաւորուած գործակցութեան վրայ։ Միրզախանեան տեղեկացուց, թէ կողմերուն միջեւ կնքուած է համագործակցութեան պայմանագիր մը, որու հիման վրայ Հունգարիոյ մէջ 18-րդ դարուն հիմնադրուած այս կարեւորագոյն կրթական հաստատութենէն ներս պիտի ստեղծուի հայագիտական ամպիոն մը, իսկ յառաջիկայ տարիներուն պիտի իրականացուին նաեւ դասախօսներու եւ ուսանողներու փոխանակման ծրագրեր։
Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու պատգամը։ Ան ընդգծեց, թէ հաճելի է համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին մէջ հիւրընկալել այս համալսարանին պատուիրակութիւնը։ Անդրադառնալով պատմական յարաբերութիւններուն՝ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ այս գործակցական շփումները կու գան նորոգել այն ջերմ կապերը, որոնք տակաւին 10-րդ դարէն սկսեալ ձեւաւորուած են երկու բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ։ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Հունգարիոյ հայկական համայնքին եւ հայ ժողովուրդին կողմէ այնտեղ կերտուած կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններուն մասին։ Վեհափառ Հայրապետը Կաթոլիկ համալսարանի պատուիրակութեան ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, պատմութեան ընթացքին դիմագրաւած փորձութիւնները եւ արդի մարտահրաւէրները։
Հայոց հովուապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւններուն։ Նոյն ծիրին մէջ ան խօսեցաւ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի Հայաստան կատարելիք յառաջիկայ այցելութեան շուրջ։
Հանդիպման ընթացքին Փրոֆ. Սուրոմի Սապոլչի եւս խօսք առաւ ու մեծ յարգանքով արտայայտուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի անցած ճանապարհին մասին։ Ըստ իրեն, թէ՛ իր անձին եւ թէ համալսարանի ուսանողներուն համար չափազանց կարեւոր է գտնուիլ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոնին մէջ եւ հաղորդակցիլ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալ հայ ժողովուրդի նուիրական արժէքներուն եւ սրբութիւններուն։ Հիւր վերատեսուչն ալ ուրախութիւն յայտնեց երկու կրթօճախներուն միջեւ ձեւաւորուած սերտ կապերուն առընչութեամբ։
Տեսակցութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի մէջ հաճելի կեցութիւն մաղթեց հիւրերուն։ Ցաւով արձանագրելով ու դատապարտելով Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած վերջին սարսափելի ահաբեկչութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը ներկաները հրաւիրեց համատեղ աղօթքի՝ յիշելու զանազան երկիրներու մէջ պատերազմական եւ ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուածները։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նաեւ Քուէյթի Արդարադատութեան, վաքըֆներու եւ կրօնական հարցերով նախարար Եաքուպ Ապտիւլմուհսին էլ Սանիէն, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Հիւր նախարարին ուղեկցեցան Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան եւ Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան։ Նորին Սրբութեան կողքին էր Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մտահոգութիւն յայտնեց, որ վերջին շրջանին որոշ կրօնական ծայրայեղական ուժեր կը փորձեն թշնամանք սերմանել քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ։ Հիւր նախարարը եւս դատապարտեց ծայրայեղականներու բռնութիւնները եւ ընդգծեց, թէ Քուէյթի իշխանութիւնները ջանքեր կը գործադրեն տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման համար։ Ան ընդգծեց, թէ Քուէյթի իշխանութիւնները խորին յարգանք կը տածեն թէ՛ մահմետականներու եւ թէ քրիստոնեաներու հոգեւոր ներկայացուցիչներուն հանդէպ։