ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՋԱՆՔԵՐ

Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի ներքին կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի առկայ մարտահրաւէրներուն։

Նորին Սրբութիւնը Վահագն Աթաբէկեանի հետ տեսակցելէ օր մը առաջ հանդիպում մը ունեցած էր Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին հետ։ Ան այդ տեսակցութեան բովանդակութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Վահագն Աթաբէկեանին։ Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Հայաստանի դեսպանը արժեւորեցին Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները ու մանաւանդ՝ Արցախի պատերազմին ժամանակ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը։ Այս բոլորը շօշափուած էին նաեւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի տեսակցութեան ժամանակ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վահագն Աթաբէկեանը հիւրընկալելու ժամանակ յոյս յայտնեց, թէ Սէուտական Արաբիա կը նպաստէ՝ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիներու վերադարձի հարցի լուծման։

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021