ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԵՏԱՄՈՒՏ Է, ՈՐ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆՁԵՌՈՒԻ՝ ՀՈԳԵՒՈՐ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ՍՏԱՆԱԼՈՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՆ ՆԱԽՆԵԱՑ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԵՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրնկալեց՝ Հայաստանի դպրոցներէն ներս ուսուցանուող «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ողիմպիականներու մրցանակակիր աշակերտները։ Հարկ է նշել, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը այս առարկայի ողիմպիականները կը կազմակերպէ ամբողջ երկրի դպրոցներուն մէջ եւ երէկ այդ ողիմպիականներու մրցանակակիրները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան։

Հանդիպման սկիզբին Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան հայցեց Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը եւ ներկայացուց այս տարուան ողիմպիականներու արդիւնքներն ու արձանագրուած յաջողութիւնները։ Ան շեշտեց, որ այս առարկան սիրուած եւ իւրացուած է երիտասարդներուն կողմէ ու կարեւոր դերակատարութիւն ունի մատաղ սերունդի ազգային-հոգեւոր կրթութեան ու դաստիարակութեան առումով։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր սէրն ու օրհնութիւնը։ Ան շնորհաւորեց ողիմպիականներու մրցանակակիրները՝ ուրախութեամբ արձանագրելով, որ առարկան կարեւոր ձեռքբերում մըն է նորանկախ Հանրապետութեան կրթութեան ոլորտէն ներս։ Ան ցաւ յայտնեց, որ կրթական չափորոշիչներու փոփոխութեան հետեւանքով այս առարկայի դասաւանդումը պիտի դադրի դպրոցներէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՚անդրադառնան այդ որոշման ու երկրի զաւակներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն ստանալ հոգեւոր գիտելիքներ եւ դաստիարակութիւն՝ հաւատարիմ մնալու համար նախնեաց ժառանգութեան եւ ազգային արժեհամակարգին։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը աշակերտներուն յորդորեց ջերմեռանդութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ շարունակել իրենց ուսումնառութիւնը, որպէսզի ամբարեն նոր գիտելիքներ եւ եկեղեցասիրութեամբ ու հայրենաճանաչութեամբ իրենց մէջ զօրացնեն նուիրումի ոգին՝ ի փառս հայրենիքի եւ Մայր Եկեղեցւոյ։ Բաց աստի, Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր գնահատանքը՝ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեանին եւ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ուսուցիչներուն նկատմամբ, որոնք տարիներէ ի վեր հայ պատանիները քրիստոնէական ու ազգային արժեհամակարգով կը կրթեն եւ զանոնք կը դաստիարակեն իրենց նուիրեալ աշխատանքով։ Ան ընդգծեց, որ այս հանգամանքի վառ վկայութիւնն է աշակերտներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2023