ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ

Քորոնաժահրի համավարակի օրերուն, Պատրիարքական Աթոռոյ «Արմաշ» մատենաշարէն, որպէս տասն եւ երրորդ հատոր լոյս տեսաւ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասէն Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի «Յովհաննէս Սրկ. Վրդ.ի մատենագիտութիւնը եւ խրատական գործերը» խորագրեալ աւարտաճառը։

Հեղինակ տէր հայրը Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի ուսման ընթացքին, գրի կ՚առնէ սոյն աշխատասիրութիւնը եւ Ճեմարանի տեսչութեան կը ներկայացնէ որպէս աւարտաճառ։ Այլ խօսքով՝ աւելի մասնագիտական գործ մըն է։ Հատորը կը բացուի Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առաջնորդող խօսքով։

Աշխատասիրութիւնը՝ 16.5x23.5 սմ. չափերով 160 էջնոց հատոր մըն է, որուն մէջ արժանապատիւ հեղինակը կը պարզէ իր նախնական նպատակը, որ համառօտ ուսումնասիրութիւն մը կատարել եղած է։ Նկատի ունենալով միջնադարու մեծ մատենագիր Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետի խրատական գործերու հայ հոգեւոր գրական ժառանգութեան մէջ ունեցած կարեւոր տեղն ու այս մասին լուրջ ուսումնասիրութեան մը բացակայութիւնը, գործի լծուած է։ Ան ջանացած է կազմել Սարկաւագ Վարդապետի լիակատար մատենագիտութիւնը։

Ան նախ ուսումնասիրած է Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետի կենսագրութիւնը, ընդհանուր եւ խրատական գործերու մասին աշխատասիրութիւնները։ Ներկայացուցած է անոր գործերու մատենագիտութիւնը։ Ընդարձակ գլուխի մը ներքեւ հաւաքած է Սարկաւագ Վարդապետի խրատական գործերու բնագրերը։

Բաղդատաբար փոքրածաւալ, սակայն մասնագիտական գիրքի գեղեցիկ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի եւ Արիս Քարաֆիլի կողմէ։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է անանուն բարերար մը, ի յիշատակ իր հանգուցեալ հարազատներուն։

Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020