ԱՅՑ ԴԷՊԻ ՄԵՔՍԻԿԱ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս հովուական այցելութիւն մը տուաւ Մեքսիկա։ Համաճարակի շրջանին ան չէր կրցած այցելել մեքսիկահայութեան։ Նորին սրբազնութեան այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Մեքսիկայի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Արմելլա Շաքարեանի պաշտօնամուտին։ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան մասնակցեցաւ հայկական դեսպանատան մէջ սարքուած ընդունելութեան, որուն հրաւիրուած էին նաեւ միջեկեղեցական հիւրեր։

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կեցութեան օրերուն տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք մը՝ Հայաստանի խաղաղութեան եւ անդորրութեան համար։

Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան կը նախատեսէ մօտաւոր ապագային դարձեալ այցելել Մեքսիկա՝ տեղւոյն հայութեան հետ մէկտեղուելու համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021