ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հայոց վանքին մէջ ընդունեց Սուրբ Երկրի ասորիներու առաջնորդը՝ Անթիմոս Ժագ Եագուբ եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանային երկու միաբաններ։ Հիւր սրբազանը Նորին Ամենապատուութեան յանձնեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքին կողմէ շնորհակալութեան պաշտօնական գրութիւն մը։ Այսպէս, հարկ է նշել, որ Եփրեմ Բ. Պատրիարքը մօտաւոր անցեալին իր գահակալութեան շրջանի անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը տուած էր Երուսաղէմ։ Իր Սուրբ Տեղերու մուտքը ապահովելու համար Երուսաղէմի Հայոց Սուրբ Աթոռին կողմէ կատարուած էին պաշտօնական անհրաժեշտ բոլոր դիմումներն ու միջամտութիւնները, որոնց շնորհիւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետին ուղեւորութիւնը կազմակերպուեցաւ խաղաղ եւ անխոչընդոտ։ Այս նախընթացը ձեւաւորուած է Երուսաղէմի Սուրբ Տեղաց տնօրինման վերաբերեալ «Սթաթիւքոյով»։

Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգճեան։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023