ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԵՐԷԿ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ԱՊԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ քահանայական ձեռնադրութիւն մը կատարեց Հայաստանի մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Նորին Սրբազնութիւնը Ապարանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ քահանայ ձեռնադրեց Վանանդ Սրկ. Պաղտասարեանը, որ յառաջիկայ շրջանին ծառայութեան պիտի կոչուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս։ Վարդավառի տօնին զուգադիպած ձեռնադրութեան արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեան եւ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հանդիսապետութեամբ օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Կիրակոսեան։ Խարտաւիլակն էր Տ. Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեան։ Ձեռնարդութեան ընթացքին տեղապահ սրբազան հայրը նորաօծ քահանան անուանեց Տ. Վահրիճ։

Օրուան քարոզին մէջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շնորհաւորեց նորաօծ քահանայ հայրը՝ վստահութիւն յայտնելով, թէ ան իր ծառայութեան ընթացքին անբասիր կեանքով ու բարի վաստակով պիտի ըլլայ «մշակ առանց ամօթոյ»։ Նորին սրբազնութիւնը միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ իր օրհնութեամբ հնարաւորութիւն ընձեռեց՝ որպէսզի այս ձեռնադրութիւնը տեղի ունենայ նորապսակ քահանայ հօր ծննդավայրին՝ Ապարանի մէջ։

Նորաօծ Տ. Վահրիճ Քհնյ. Պաղտասարեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի բոլորէ իր ապաշխարութեան շրջանը, որու աւարտին պիտի ուղեւորուի Գերմանիա։

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017