Երկուշաբթի 12, Մայիս 2025
ՁԻԹԱԻՒՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ
Հոկտեմբերի 1-ին նախատեսուած Միւռոնօրհնութեան ընդառաջ, երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ ձիթաիւղի օրհնութեան կարգ։ Ս. Վարդան եւ Ս. Յովհաննէս Մկըր-տիչ մատուռ-մկրտարանին մէջ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը։ Այսպէս, երեկոյեան ժամերգութենէն վերջ, ձիթաիւղով լի արծաթէ կաթսան դրուեցաւ մատուռ-մկրտարանի խորանին վրայ՝ ծածկուելով շղարշէ ծածկոցով մը։ Այսուհետեւ ամէն օր, մինչեւ Միւռոնօրհնութիւնը, երեկոյեան ժամերգութենէն վերջ պիտի կատարուի հոգեւոր պաշտօն՝ շարականներով, աղօթքներով եւ աւետարանական ընթերցումներով։
Անհրաժեշտ նիւթերու ձեռք բերումէն յետոյ, Միւռոնօրհնութենէն քառասուն օր առաջ, կը սկսի պատրաստութեան շրջանը՝ ձիթաիւղի օրհնութեան արարողութեամբ։
Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023