ՀԻՒՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Պելժիոյ խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամները։ Այս պատուիրակութիւնը Հայաստան մեկնած է՝ գլխաւորութեամբ տուեալ խումբի ղեկավար Մարք Տեմեսմեքէրի։ Վեհարանի երէկուան հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի Պելժիոյ հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Արմէն Ռուստամեան։

Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց հիւր խորհրդարանականները եւ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ գործուած վերջին յարձակումներուն՝ ծանր հետեւանքներով հանդերձ։

Իր կարգին, Մարք Տեմեսմեքէր նկատեց, որ Հայաստան եւ Պելժիա կը հանդիսանան քրիստոնեայ երկիրներ, ունին նոյն արժեհամակարգը, ինչ որ աւելիով կ՚ամրապնդէ երկու երկիրներու բարեկամութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ քոյր եկեղեցիներու համագործակցութեան՝ ուղղուած խաղաղութեան հաստատման եւ մարդասիրական ծրագրերու։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2022