ԴԷՊԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Կը տեղեկանանք, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով պիտի մեկնի Հայաստան։ Նորին Ամենապատուութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին՝ բարձր նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022