ՋԵՐՄ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս օ­րե­րուն ջեր­մօ­րէն կը հիւ­րըն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս։ Ե­րէկ, Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ ան պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րին մէջ։ Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան եւ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը «Հրա­շա­փառ»ի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով դի­մա­ւո­րե­ցին իր ժա­մա­նու­մէն վերջ։ Ներ­կայ էին նախ­կին թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­չէ Արք. Յով­սէ­փեան եւ Հա­յաս­տա­նէն՝ Գու­գա­րաց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան։ «Հրա­շա­փառ»ի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ ճա­շա­սե­ղան մը սար-քըւե­ցաւ ի պա­տիւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին։ Միայն հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը մաս­նակ­ցե­ցաւ այս ճաշ­կե­րոյ­թին, ո­րու ըն­թաց­քին Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան ող­ջու­նեց Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Իր կար­գին, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց այ­ցե­լու­թեան շար­ժա­ռի­թին կա­պակ­ցու­թեամբ, իսկ ա­ւե­լի վերջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի գոր­ծու­նէու­թեան այժ­մու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն եւ թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քի ներ­կայ ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քին շուրջ։ Իր խօս­քէն վերջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նեց նաեւ ներ­կայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ձե­ռաց խաչ մըն ալ նուի­րեց Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նին։ Լոս Ան­ճե­լը­սի կե­ցու­թեան օ­րե­րուն Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը շրջա­պա­տուի նաեւ տեղ­ւոյն նախ­կին պոլ­սա­հայ շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Լոս Ան­ճե­լըս մեկ­նած է Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեա­նի վախ­ճան­ման 25-ա­մեա­կին ձօ­նուած հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն առ­թիւ։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դած էին, թէ ան քա­ղաքս պի­տի վե­րա­դառ­նայ յա­ռա­ջի­կայ Հինգ­շաբ­թի։  

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2016