ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՊԱՔԻՆԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերագտած է իր առողջութիւնը՝ վերջին շրջանին իր ենթարկուած դարմանումէն վերջ։

Անցեալ 13 յունուարին, նմոյշառման հիման վրայ պարզուած էր, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վարակուած է քորոնաժահրով։ Այդ ախտաճանաչման զուգահեռ՝ Նորին Ամենապատուութիւնը մեկուսացած էր Պատրիարքարանի յարկաբաժնէն ներս։ Իր բուժման գործընթացը կ՚ընթանար բնականոն հունով։ Այս բոլորէն վերջ, ան երէկ դարձեալ անցած է քննութենէ մը։ Նմոյշառման արդիւնքը այս անգամ ցոյց տուած է, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յաղթահարած է վարակը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները պաշտօնապէս հրապարակեցին այս լուրը, որ մեծ ուրախութիւն ստեղծեց համայնքային շրջանակներէն ներս։ Նախապէս հաղորդուած էր, որ Նորին Ամենապատուութիւնը երկու անգամ պատուաստուած է։

Նորին Ամենապատուութեան ապաքինման զուգահեռ՝ Պատրիարքարանի գրասենեակներու ակամայ ընդհատուած գործունէութիւնն ալ աստիճանաբար կը վերադառնայ ընթացիկ դրութեան։

Այս առթիւ անգամ մըն ալ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022