ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՎԱՆԱԲՆԱԿ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ երեկոյեան, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբաններու հաւաք։ Կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ հաւաքուած միաբանները ուշադրութիւն կեդրոնացուցին «Սփիւռքի տարի»ի շրջանակներէն ներս նախատեսուած աշխատանքներուն եւ անոնց արժեւորման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ նիւթերու վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ 2022 թուականը հռչակուած է «Սփիւռքի տարի»։ Երէկուան հաւաքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց հոգեմտաւոր առաքելութեան կենսունակութեան կարեւորութիւնը։ Ան յայտնեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը առաւել եւս պէտք է կեդրոնացնել սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին վրայ։

Միաբաններու խորհրդակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Անթիլիասի մէջ 1 յուլիս 2022 թուականին նախատեսուած միւռոնօրհնութեան եւ Միաբանական ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։

Հաւաքի աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս տեղեկացուց, որ իր կողմէ կատարուած էին կարգ մը նոր նշանակումներ։ Այսպէս, Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան նշանակուած է Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի լուսարարապետ, իսկ Տ. Մակար Եպսկ. Աշքարեանին վստահուած է Անթիլիասի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը։

Հուսկ, վանաբնակ միաբանները միաբերան երգեցին շարական՝ զիրար գօտեպնդելով հովուական ծառայութեան կատարելագործման ճանապարհին։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022