Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՍՊԱՆԻԱ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անցեալ շաբաթավերջին հովուական այցելութիւն մը տուաւ դէպի Սպանիա։ Նորին Սրբազնութեան ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Պարսելոնա քաղաքը, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ։ Խորհրդակցութիւններու ընթացքին ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ Պարսելոնայէ ներս գործող եկեղեցական խորհուրդի վերակազմակերպման, ինչպէս նաեւ համայնքային-եկեղեցական կեանքի աշխուժացման խնդիրներուն վրայ։

Նոյն օրը երեկոյեան, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ուղեւորուեցաւ դէպի Մատրիտ, միշտ իր հետն ունենալով Պարսելոնայի եկեղեցական խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Յունուարի 23-ին, Մատրիտի մէջ, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Տեղւոյն կաթողիկէ տաճարներէն մէկուն մէջ մատուցուած հայածէս Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Մատրիտի մօտ Հայաստանի դեսպան Սօս Աւետիսեան եւ իր կողակիցը, ինչպէս նաեւ դեսպանատան ամբողջ անձնակազմը։ Արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ Արցախի երկրորդ պատերազմին ժամանակ զոհուած հերոսներու։

Այս այցելութեան ծիրէն ներս Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մասնակցեցաւ նաեւ սպանական կաթոլիկ եկեղեցիէն ներս կազմակերպուած էքիւմենիք արարողութեան մը, որ տեղի ունեցաւ «Քրիստոնէից միութեան շաբաթ»ի շրջանակներուն մէջ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ եկեղեցական-համայնքային ժողով մը, որուն մասնակցեցան Սպանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ ծաղկիլ սկսած համայնքներէն Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ աջակից ներկայացուցիչներ։ Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան եկեղեցական-համայնքային կեանքի վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Նիստէն վերջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, որու տեւողութեան նոյնպէս շարունակուեցան քննարկումները։  

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022