20-ԱՄԵԱՅ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Հռոմի մէջ, վերջին երկու օրերուն, «Սուրբ Թովմաս Աքուինացի» քահանայապետական համալսարանի (Angelicum) հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համաքրիստոնէական նշանակութեամբ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, «Angelicum»ը հիւրընկալեց Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու պաշտօնական երկխօսութեան միջազգային միացեալ աստուածաբանական յանձնախումբի ստեղծման 20-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսութիւնը, որուն մասնակցեցան տուեալ եկեղեցիներէն այն աստուածաբանները, որոնք 2003 թուականէն ի վեր իրենց նպաստը բերած են այս կարեւոր աշխատանքին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, այս հանդիսութեան մասնակցեցան Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծայրագոյ Վարդապետ Անանեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչութեան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան, ընկերային բաժնի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան, ինչպէս նաեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի կրթական գծով փոխ-տեսուչ Տ. Յուսիկ Աբեղայ Սմբատեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնակատարն է եւ Արեւելեան Ուղղափառ ու Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ երիտասարդ հոգեւորականներու ճանաչողական փոխադարձ այցելութիւններու ծիրէն ներս Հռոմի մէջ կը գտնուի։
Յոբելենական հաւաքի ընթացքին պաշտօնական երկխօսութեան արդիւնքներու ամփոփիչ զեկուցումներով հանդէս եկան յանձնախումբի համաատենապետներէն Կարտինալ Քուրտ Քոխ (Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի ղեկավար), յանձնախումբի պատուոյ համաատենապետ, գերմանացի նշանաւոր աստուածաբան Կարտինալ Վալթէր Քասպեր, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ յանձնախումբի համաատենապետ Կիւրեղ Եպիսկոպոսը (Լոս Անճելըսի մէջ Ղպտի եկեղեցւոյ փոխանորդ-եպիսկոպոս), նոյն յանձնախումբէն ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ այս յանձնախումբի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ նախկին անդամներէն Հայր Ֆրանց Պոուվէն։
Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին այս 20-ամեայ պաշտօնական երկխօսութեան եւ երկու եկեղեցական ընտանիքներու յարաբերութիւններու զօրացման ի նպաստ ներդրած ջանքերուն համար բացառիկ պատիւի մը արժանացաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Այսպէս, Կարտինալ Քուրտ Քոխի ձեռամբ ան պարգեւատրուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան շնորհուեցաւ «Բարի արժանիքի» քահանայապետական շքանշանը։ Հայր Ֆրանց Պոուվէնն ալ պարգեւատրուեցաւ նոյն շքանշանով։
Հարկ է նշել, որ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան տասնամեակներէ ի վեր հետեւողականօրէն այս ոլորտէն ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Ան, առանց չափազանցութեան, էքիւմենիք հարթութեան վրայ հեղինակութիւն մը կը համարուի։ Երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տարիներէն ի վեր, մինչեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այժմու շրջանը՝ ան Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն մէջ ունեցած է բացառիկ դերակատարութիւն։ Երկու քոյր եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան զօրացման ուղղութեամբ իր կողմէ ներդրուած ջանքերը արժանացած են բացառիկ գնահատանքի։ Ի լրումն այս բոլորին, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Տ.Տ. Վազգէն Ա. երջանկայիշատակ Հայրապետի գահակալութեան տարիներէն ի վեր Վատիկանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ փոխանակուած այցելութիւններու կազմակերպութեան ուղղութեամբ ալ անփոխարինելի վաստակ մը ներդրած է։ Թէ՛ ամենայն հայոց հայրապետներու Վատիկան այցելութիւնները եւ թէ Հռոմի պապերու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութիւնները կազմակերպուած են իր կողմէ ղեկավարուած ու համակարգուած աշխատանքով։ Այդ այցելութիւնները Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ արդի տարեգրութեանց մէջ արդէն կը դասուին բացառիկ իրադարձութիւններու շարքին։
Ուստի, Հռոմի պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին համար հնչած ծափահարութիւնները նաեւ այս բոլորին տեսակէտէ վկայութեան բնոյթը կրեցին։
Միւս կողմէ, Կարտինալ Քուրտ Քոխ երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ յոբելենական հաւաքի մասնակիցներուն։