«ԽՈՐԱՑՆԵԼ ՄԵՐ ԱՂՕԹՔԸ»

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս ձեւաւորուած նախընթաց է, որով Մեծ պահոց շրջանին հոգեւորականները կ՚ունենան մասնաւոր հաւաքոյթներ։ Արեւելեան թեմի Մեծ պահոց շրջանի առթիւ կազմակերպուած հոգեւորականաց խոկման առանձնացումի առաջինը այս տարի տեղի ունեցաւ վերջին օրերուն՝ Լոնկ Պրանչի Սուրբ Անֆոնզօ կաթոլիկ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ուր կը գտնուի նաեւ մասնաւոր առանձնատուն մը։ Հաւաքոյթը գլխաւորեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան։ Մասնակցեցան այն հոգեւորականները, որոնք Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջաններէն ներս, ինչպէս նաեւ Միջին Ատլանտեան տարածաշրջանի հօտերուն մէջ կը պաշտօնավարեն։ Այս տարուան հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Արեւելեան թեմէն ներս։

Հաւաքոյթի նշանաբանն էր՝ «Խորացնել մեր աղօթքը»։ Այս կարգախօսով հոգեւոր հայրերը եռօրեայ աշխատանք ծաւալեցին՝ ուշադրութեան կեդրոնին ունենալով ազգային-եկեղեցական կեանքի եւ Արեւելեան թեմի առաջնահերթ խնդիրները։ Այս ամբողջին մէջ արծարծուեցան հովուական ու վարչական նիւթեր, որոնց ընթացքին Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ բոլոր հոգեւորականները շեշտադրեցին եկեղեցւոյ առաքելութիւնը առաւել եւս ժողովուրդին հասցնելու անհրաժեշտութիւնը։

Մեծ պահոց յաջորդելիք շաբաթներուն կը նախատեսուին նման այլ հաւաքոյթներ՝ այս անգամ Արեւելեան թեմի այլ շրջաններէն ներս ծառայող հոգեւոր հայրերու համախմբմամբ։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023