ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ

Մեծ Պահքի 6-րդ օրն է:

Պօղոս առաքեալին հռոմեայեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կը կարդանք.

«Ի՞նչ կրնանք ըսել այս բոլորին դիմաց: Եթէ Աստուած մեր կողն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ: Եթէ Աստուած Իր Որդիին չխնայեց, այլ՝ մինչեւ իսկ զԱյն մահուան մատնեց մեզի համար, Անոր հետ նաեւ ամէն բան պիտի չշնորհէ՞ մեզի: Ո՞վ է որ պիտի մեղադրէ Աստուծոյ ընտրեալները: Ո՛չ ոք, քանի Աստուած է արդարացնողը: Կամ ո՞վ պիտի դատապարտէ: Յիսուս Քրիստո՞սը, որ մեզի համար մեռաւ՝ բայց մանաւանդ յարութիւն առաւ, եւ հիմա Աստուծոյ աջ կողմն է ու կը բարեխօսէ մեզի համար: Անշուշտ ո՛չ: Ո՞վ կրնայ, ուրեմն, մեզ բաժնել Քրիստոսի սէրէն. նեղութի՞ւնը, անձկութի՞ւնը, հալածա՞նքը, սո՞վը, մերկութի՞ւնը, վտա՞նգը կամ սո՞ւրը: Ինչպէս Սաղմոսներուն մէջ գրուած է.

«Քեզի համար՝ մարդիկ մեզ կը սպաննեն ամէն օր. ոչխարի պէս սպանդանոց կը տանին» (Սղ 44.22):

Բայց այս բոլորէն շա՜տ աւելի յաղթական դուրս կու գանք շնորհիւ Անոր՝ որ մեզ սիրեց: Որովհետեւ համոզուած եմ, որ ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ չար ոգիներու իշխանութիւնները, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ գալիքը, ո՛չ ալ որեւէ զօրութիւն, ո՛չ վերին եւ ո՛չ ալ ներքին աշխարհները, ո՛չ ալ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն, որ մենք ճանչցանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Հռ 8.31-39):

Արդարեւ, Քրիստոսի աշխարհ բերած սէրը նոր ուժ մը, նոր մխիթարութիւն մը, նոր համարձակութիւն մը մտցուց մարդուն մէջ, որով եթէ մինչ Քրիստոսի աշխարհ գալուստը մարդիկ կրնային վախնալ կամ երկմտիլ որեւէ մէկ բան ընել Աստուծոյ սիրոյն, եւ կամ նոյնիսկ եթէ համաձայնէին ընել ինչ որ բան Աստուծոյ սիրոյն, վախի կամ պատիժի սարսափէն կ՚ըլլար, ապա Քրիստոսով այդ ընկալումը փոխուեցաւ, եւ յանուն Աստուծոյ որեւէ մէկ բան ընելը վախի, կասկածի ու պատիժի հասկացողութենէն վերածուեցաւ սիրոյ, գիտակցուած եւ իրական սիրոյ արտայայտութեան. վկա՛ առաքեալներուն, մարտիրոսներուն, կոյսերուն յանուն Քրիստոսի կրած չարչարանքներն ու նահատակութիւնը, ի՞նչի արդիւնք էին այդ դիւցազնական սխրագործութիւնները իրենց իսկ կեանքերուն հետ, եթէ ոչ աստուածային այն սիրոյ, զոր Քրիստոս աշխարհ բերաւ, որպէսզի թագաւորէ մարդոց հոգիներուն, միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ:

Սիրենք զիրար, որպէսզի մեր զիրար սիրելով կարենանք զԱստուած սիրել եւ Անոր նմանիլ:

Սիրենք զիրար, որպէսզի մեր կեանքին օրերը քաղցրանան:

Սիրենք զիրար, որպէսզի մխիթարութիւն գտնենք:

Սիրենք զիրար, որպէսզի Աստուած ալ մեզ սիրէ:

Սիրենք զիրար, մենք մեզ սիրով ողողենք, որպէսզի Սուրբ Երրորդութեան բնակարան ըլլանք, որովհետեւ «Երրորդութեան երեք անձերու միասնական բնութիւնն է Սէրը. «Զի Աստուած Սէր է»: Ահա գաղտնի բանալին Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին: Պարզ ու վճիտ: Ուրիշ խօսք աւելորդ է եւ անհարկի: Որովհետեւ տիեզերքի ստեղծագործութեան ուժը Սէ՛րն է: Մարդու կեանքի երջանկութեան աղբիւրը Սէ՛րն է: Սէրը՝ որ կեանքով ու գործով կ՚արտայայտուի, ծառայութեամբ ու բարիքով կը մարմնանայ եւ, ի հարկին, խաչով կը կնքուի» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

15 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023