«ՊԱՀՔԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ»

Մեծ Պահքի 34-րդ օրն է:

Պահքը լոկ կերակուրի խնդիր չէ. կը կրկնեմ:

Գո՛րծը մարդուն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը գործին համար. այս է Աւետարանին ճշմարիտ սկզբունքը: Տարաբախտաբար, սակայն, արդի պահանջկոտ կեանքը զեղծած ու շրջած է այդ սկզբունքը. մարդ իր գործին գերին դարձած է. գործը մարդուն իմացական ու ֆիզիքական խանդն ու կորովը մաշեցուցած եւ կմախքացուցած է. ան գործի պատրուակով կը խուսափի իր բարոյական եւ հոգեւորական պարտաւորանքէն:

Մարդուն արժանիքը մէկ գործի մէջ չ՚ամփոփուիր. այլ՝ բոլոր գործերու մէջ: Հոգեւոր կարողութիւններու խնամքը ամէն մարդու առաջին եւ նուիրական գործն է:

Փրկչին սա՛ խօսքը՝ «ոչ հացիւ միայն կեցցէ մարդ, այլ եւ բանիւն Աստուծոյ», որ շատերու կողմէ կա՛րճ եւ մակերեսային կերպով հասկցուած է, կը լուսաբանէ մեր շօշափած հարցը, թէ՝ մարդ միայն հացով կամ հացի գործով չ՚ապրիր, այլ անհրաժեշտ է նաեւ Աստուծոյ խօսքը, այսինքն՝ հոգեկան առողջ սնունդը:

Դիտուած է, որ լուրջ խորհողներ, կրօնական միստիք հոգիներ, մարմնոյն արտաքին կարիքներով զբաղած չեն երբեք. ապրած են լոկ տեսլականներով եւ յարացոյցներով եւ տիեզերահռչակ արդիւնքներու ծնունդ տուած:

Ուստի՝ ծոմ, պահք, աղօթք, ինքնամփոփում, հին բառեր կամ ծեր գաղափարներ չեն:

Ոմանք կ՚ապրին ուտելու համար. ուրիշներ կ՚ուտեն ապրելու համար: Այս վերջինն է կանոնաւոր կեանքի միակ չափանիշը, քանզի, չափէն աւելի առնուած սնունդը օգտակարութենէ աւելի կը խանգարէ մարսողական դրութիւնը:

Ամէն բանի մէջ չափաւորութիւնը խելացութիւն է:

«"Կե՛ր, ա՛րբ, ուրա՛խ լեր"ի փիլիսոփայութիւնը կը քայքայէ մարդուն առողջութիւնը եւ դիւային կ՚ընէ զայն: Այս վարդապետութեամբ կենցաղավարողներու յոյժ կը պատշաճի Յիսուսի յայտարարութիւնը. "Այդ ազգ ոչ իւիք ելանէ, եթէ ոչ պահօք եւ աղօթիւք"» (Մր 9.28):

Բժիշկներ, արդէն, մի՛շտ դեղ չեն տար իրենց հիւանդներուն. այլ՝ պահեցողութիւն (=Diéte) կը յանձնարարեն եւ կը զգուշացնեն իւղոտ եւ ծանր կերակուրներէ: Բժիշկին ըրածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ քահանային քարոզած պահքը: Շատ հիւանդութիւններ, ուրեմն, միայն կարելի է պահքով եւ աղօթքով բուժել:

Չափազանցութիւններ աղէտաբեր կ՚ըլլան միշտ: «Առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ» կը ստացուի միայն չափաւոր կենցաղով:

Երբ մարմինը կը զսպուի, հոգին կը զօրանայ. եւ արթուն հոգին շնորհք ու օրհնութիւն կը ցնցուղէ իր բոլորտիքը:

- Ահա՛ պահքին նկարագիրը:

ԽՈՐԷՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023