ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՑԵՐԵԿՈՅԹ ՄԸ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սա­ւոր ցե­րե­կոյթ մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը։ Մե­ծար­ման ցե­րե­կոյ­թը կազ­մա­կեր­պուած էր ի պա­տիւ Ճե­մա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Տ. Ե­ղի­շէ Ա. Քհնյ. Սարգ­սեա­նի, Պար­գեւ Շահ­պա­զեա­նի եւ Պետ­րոս Պե­տի­րեա­նի։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տ. Գա­րե­գին Վրդ. Համ­բար­ձու­մեան։ Ցու­ցադ­րուե­ցաւ մե­ծա­րեալ­նե­րուն ձօ­նուած տե­սա­նիւթ մը։ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն ներս մեծ ա­ւանդ ներդ­րած այս ման­կա­վարժ­նե­րու վաս­տա­կին մա­սին ար­տա­յայ­տուե­ցան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, Ար­խի­ւի եւ թան­գա­րան­նե­րու տնօ­րէն Տ. Ա­սո­ղիկ Քհնյ. Կա­րա­պե­տեան եւ Կա­թո­ղի­կո­սա­կան գրա­սե­նեա­կի քար­տու­ղար Տ. Ա­դամ Քհնյ. Մա­կա­րեան։ Ցե­րե­կոյ­թի յայ­տա­գի­րը ընդգր­կեց նաեւ գե­ղա­րուես­տա­կան բա­ժին մը։ Օ­րուան մե­ծա­րեալ­ներն ալ հան­դէս ե­կան սրտի խօս­քե­րով։

Ցե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին հա­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թեան պատ­գա­մով։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը նշեց, թէ մե­ծա­րեալ մշակ­նե­րը կ՚ապ­րին ի­րենց կրթած-դաս­տիա­րա­կած իւ­րա­քան­չիւր սա­նին մէջ, որ այ­սօր յա­ջո­ղու­թեամբ իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը բե­րէ Հայ Ե­կե­ղե­ցիին։ Ան պատ­գա­մեց, որ­պէս­զի ա­նոնք շա­րու­նա­կեն ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ու գոր­ծու­նէու­թեամբ, բա­րի օ­րի­նա­կով ու նուի­րեալ կեան­քով ներշն­չել կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան սա­նե­րը, դա­սա­խօս­ներն ու հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2016