ԷՍԱՏԻ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Դամասկոսի մէջ ընդունուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանի տագնապներն ու խնդիրները։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ այն դժուարութիւնները, որոնք բաժին կը վիճակին Սուրիոյ հայութեան։

Դամասկոսի մէջ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը տեսակցեցաւ նաեւ Սուրիոյ ղեկավարութենէն այլ դէմքերու հետ, նաեւ ընդունուեցաւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքին կողմէ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2022