ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Հունգարիոյ Արեւելքի քրիստոնէութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնին եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ համագումար մը։ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը եւս մասնակցեցաւ համագումարի բացման։ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն այս համագումարին առթիւ Լիբանանի մէջ համախմբուած էր շուրջ յիսուն հոգի։ Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած համագումարի բացման մասնակցեցան նաեւ Լիբանանի պետական կամ համայնքային դէմքեր։
Արամ Ա. Կաթողիկոս հաւաքոյթի ընթացքին մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքին հետ։ Հունգարիայէն այս առթիւ Լիբանան մեկնած պաշտօնատարներն ու գիտնականներն ալ զրուցեցին անոր հետ։
Կիլիկեան Աթոռի գահակալին ընկերացան Անթիլիասի մատենադարանի տնօրէն Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց պատասխանատու Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024