ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. «ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՄԻՋՈՑԱՒ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈԳԻՆ»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը սփիւռքահայ կրթական մշակներ, որոնք այս ամառ Երեւանի մէջ մասնակցութիւն կը բերեն Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրին։ Սփիւռքահայ կրթական մշակներուն ուղեկցեցաւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։

Հանդիպման ընթացքին Ռուբէն Միրզախանեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց ծրագրին մասնակից կրթական մշակները՝ 16 երկիրներէ։ Միրզախանեան ընդգծեց, որ արդէն 18-րդ անգամ կը կազմակերպուի սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստութիւնը։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը կրթական մշակները ողջունելով՝ փոխանցեց իր պատգամը։ Ան գնահատանքը յայտնեց ուսուցիչներու յանձնառութեան համար, որով կարեւորելով իրենց աշխատանքը անոնք ամէն տարի Հայաստան կը մեկնին վերապատրաստուելու։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց հայրենիքի եւ ազգային կառոյցներու կողմէ հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին նկատմամբ ուշադրութիւնը։ Ըստ իրեն, դպրոցը ազգի ինքնութեան պահպանման ամենակարեւոր կառոյցներէն մին է։ Այս ամբողջին մէջ ան շեշտեց, որ Սփիւռքի մէջ ուսուցիչներու առաքելութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ հայ մանուկներու կրթութեան ու դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ անոնց հայկական ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ։

Կարեւորելով հայ դպրոցի առաքելութիւնը ազգային կեանքէն ներս՝ Նորին Սրբութիւնը ցաւով նշեց, որ Սփիւռքի մէջ ներկայիս նահանջ կ՚ապրի հայեցի կրթութիւնը։ Ըստ իրեն, հայ դպրոցի միջոցաւ կը փոխանցուի ազգային ոգին, այնտեղ կը կերտուի հայորդին ու ձեռք կը բերէ ազգային սրբազան արժէքներու, պատմութեան ու հայոց մեծերու ճանաչումը, գիտելիքներ, որոնք կը նպաստեն ազգային ինքնութեան ու գիտակցութեան զօրացման՝ այդպէսով երաշխաւորելով նաեւ ապագայ ներգրաւումը ազգային կեանքէ ներս։

Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը ուսուցիչներուն պատգամեց կենսագործել դարերու խորքէն փոխանցուած աւանդները եւ կոչման բարձր գիտակցութեամբ շարունակել իրենց ծառայութիւնը ազգին՝ մաղթելով, որ Աստուած օրհնէ, զօրացնէ եւ արդիւնաւոր դարձնէ անոնց ջանքերը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2017