ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը սփիւռքահայ կրթական մշակներ։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն Հայաստան մեկնած 40 սփիւռքահայ ուսուցիչները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան՝ ուղեկցութեամբ «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկական վարժարանի վերատեսուչ Ռուբէն Միրզախանեանի։ Հարկ է նշել, որ այդ սփիւռքահայ կրթական մշակները սոյն համալսարանին նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ կը մասնակցին միամսեայ վերապատրաստման դասընթացքին։

Հանդիպման ընթացքին Ռուբէն Միրզախանեան Նորին Սրբութեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար։ Ան ընդգծեց Հայ Եկեղեցւոյ եւ մանաւանդ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հայապահպանութեան ուղղեալ լայնածաւալ աշխատանքները։

Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը ուսուցիչներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը՝ մեծապէս կարեւորելով արդէն աւանդութիւն դարձած այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան այցելութիւնն ու մասնակցութիւնը դասընթացքներուն դրական լիցք կը հաղորդեն ուսուցիչներուն՝ նոր ուժով եւ աւիւնով շարունակելու համար իրենց բարդ ու դժուարին առաքելութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ այս տարի Հայաստան մեկնած սփիւռքահայ ուսուցիչներու մէջ մեծ թիւ կը կազմեն երիտասարդները։ Սա վկայութիւն մըն է, թէ նոր սերունդը կու գայ ստանձնել աւագ սերունդի աստուածահաճոյ գործը։

Բարձր գնահատելով հայապահպանութեան գործին մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներու դրսեւորած նախաձեռնութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ մանկավարժները կարեւոր պատասխանատուութիւն կը կրեն այժմու եւ գալիք սերունդներու դաստիարակութեան եւ կրթութեան ուղղութեամբ։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը հետաքրքրուեցաւ նաեւ կրթական մշակներու սփիւռքեան վարժարաններու վերաբերեալ դիտարկումներով եւ զանոնք յուզող խնդիրներով։

Հանդիպման վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ Աստուած օրհնէ ու քաջառողջ պահէ մանկավարժները, որպէսզի անոնք իրականացնեն իրենց սրբազան առաքելութիւնը ի սէր մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2019