ՄԱԼԱԿԱՅԻ ՄԷՋ ԵԿԵՂԵՑԻ

Մինչ եւրոպահայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքը վերակազմակերպման շրջանէ մը կ՚անցնի, շաբաթավերջը իսկապէս յատկանշական էր՝ մանաւանդ Սպանիայէն հասած լուրերով։ Այսպէս, երկրի հարաւի Մալակա քաղաքին մէջ, Պայծառակերպութեան տօնի շաբաթավերջին օծուեցաւ ու պաշտամունքի բացուեցաւ հայկական եկեղեցի մը, ինչ որ շրջանի հայութեան մօտ մեծ յուզում յառաջացուց։ Օծման արարողութեան նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որու կողքին էր Սպանիոյ եւ Փորթուգալի իր փոխանորդը՝ Տ. Շնորհք Աբեղայ Սարգսեան։

Օծման արարողութեան հանդիսապետելու, սրբանը-կարներու օծման կարգը իրականացնելու եւ տաղաւարի շրջանին տեղւոյն հայութեան ներկայացուցիչներուն քարոզելու առընթեր Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցաւ նորահաստատ ծուխի վարչայիններուն հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը նաեւ հայրական բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուց այն բարերարները, որոնց զօրակցութեան շնորհիւ կեանքի կոչուած է այս ծրագիրը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022