ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՕՐՀՆԵՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՍՊԱՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ռազմաուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտները։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեցին Հայաստանի կամ արտասահմանի ռազմաուսումնական հաստատութիւններէն 2016-2017 ուսումնական տարուան շրջանաւարտները՝ ստանալու համար Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնն ու պատգամը։

Մայր Տաճարի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութենէն առաջ Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ։ Ներկայ էր նաեւ Հայկական զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։ Նախարար Վիգէն Սարգսեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց ռազմաուսումնական հաստատութիւններու 2016-2017 շրջանի աւարտական ձեռնարկները։ Այս ամբողջին մէջ ան մեծապէս կարեւորեց ապագայ սպաներու այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ բանակաշինութեան համար ձեռնարկուած կրթական եւ ընկերային ծրագրերուն։ Ողջունելով նոր նախաձեռնութիւնները՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ այսօր ազգի ուշադրութեան առանցքին պէտք է ըլլան հայրենեաց պաշտպան հայ զինուորն ու սպան։

Զրոյցէն վերջ Վեհափառ Հայրապետն ու նախարարը հոգեւորականներու թափօրով առաջնորդուեցան Մայր Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու օրհնութեան արարողութիւն։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը Մայր Տաճարի մէջ համախմբուած զինուորներուն փոխանցեց իր պատգամը։

Արարողութեան աւարտին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։ Ապա զինուորականները այցելեցին Մայր Աթոռի թանգարանները, ծանօթացան հայոց եկեղեցւոյ սրբութիւններուն եւ ներկայացուած հոգեւոր-մշակութային սրբազան ժառանգութեան։

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն Ամենայն Հայոց Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց նահատակ զինուորներու մայրեր։

Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքին, մարտական գործողութիւններու եւ հրադադարի պայմաններուն մէջ զոհուած զինուորներու մայրերուն։ Ան ընդգծեց, որ հայ զինուորը՝ հայրենեաց սահմաններու պաշտպանը, մշտապէս իր եւ իւրաքանչիւր հայ եկեղեցականի աղօթքներուն մէջ է։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017