ՊԱՇՏՕՆԱՄՈՒՏԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Պիքֆայայի վանքին մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի նորակազմ անդամներէն Ճորճ Պուչիքեանը։ Այս վերջինը կոչուած է արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնին եւ կառավարութենէն ներս կը ներկայացնէ հայ համայնքը։ Նորանշանակ նախարարը պաշտօնի ձեռնարկելէ առաջ փութացած էր Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութիւնը ստանալու։

Զրոյցի ընթացքին նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց երկրին նուիրումով ծառայելու ուղղութեամբ։ Ան ընդհանուր գիծերու ներքեւ ներկայացուց նաեւ իր յառաջիկայ աշխատանքի առաջնահերթութիւնները։  Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնն ալ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Պուչիքեանի նուիրումին ու ծառայութեան յանձնառութեան մասին։  

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2021