ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ՝ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով նահատակուած հայորդիներուն համար։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն յետոյ, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ նահատակներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2023