ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ. «ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՈՂԵՐ, ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆ»

Հռոմի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ «Սրբազան հողեր, ընդհանուր տեսլական. Սրբատեղիներու պահպանումը՝ համատեղ քրիստոնէական առաքելութեան համար» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Ս. Թովմաս Աքուինացի (Անճելիքում) քահանայական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու կազմակերպիչներն էին Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մշտական ներկայացուցչութիւնն ու Անճելիքումի Էքիւմենիք հետազօտութիւններու կաճառը։ Ծրագիրը հովանաւորուած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Ս. Աթոռի Քրիստոնէական միասնութեան խրախուսման, նաեւ Մշակոյթի ու կրթութեան բաժիններուն կողմէ։ Նախագծին աջակցած էր նաեւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը։ Այս նախաձեռնութեան ընդմէջէն հերթական անգամ բիւրեղացաւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հրատապ խնդիրը։ Ընդգծուեցաւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ մանաւանդ աւելի լայն քրիստոնէական պատումի մը եւ մշակութային համընդհանուր իրաւունքներու պարունակին մէջ արծարծուեցան խնդիրները։ Զեկուցողները ընդգծեցին, որ սրբավայրերու պահպանումը վճռորոշ է խաղաղ ու միասնական համակեցութեան տեսակէտէ։

Գիտաժողովի մասնակիցներուն խօսք ուղղեցին նաեւ Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան եւ Անճելիքումի Էքիւմենիք հետազօտութիւններու կաճառի տնօրէն Հայր Հիասինթ Թեսթիվելի։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024