ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ, Եշիլգիւղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ, որոնց հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եշիլգիւղի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի մականին ներքեւ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան քարոզին մէջ բացատրեց, որ յանուն Քրիստոսի մեռնիլ կը նշանակէ ապրիլ եւ այս պարագային մեռնիլը ո՛չ թէ պարտութիւն է, այլ յաղթանակ է Քրիստոսով։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Արա Էրօլ Չընարի գլխաւորած Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանով մը պատուեց Նորին Սրբազնութիւնը, հոգեւոր հայրերը եւ բոլոր ներկաները։ Արձակման փուլին բոլորը շնորհաւորութիւններ փոխանակեցին մօտալուտ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ։