ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ ժամերգութիւն, որուն նախագահեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Օրուան տօնին առթիւ արարողութեան համար վերաբերուած էր Ս. Ստեփանոսի սրբանկարը, որուն առջեւ խնկարկութեամբ բոլորը կատարեցին իրենց ուխտը։

Ժամերգութենէն վերջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանի։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որու շուրջ եւս ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ՝ մինչ ներկաները բարեմաղթանքներ փոխանակեցին մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024