ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ պատարագեց Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Լոյս գերեզմանին վրայ։ Սա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր դէպի Սուրբ Երկիր ուղեւորութեան գագաթնային կէտերէն մին է։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. գերեզմանին վրայ պատարագեց Տէր Յիսուսի անուանակոչութեան տօնին՝ Ութօրէքի առթիւ։ Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթերակայ էին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները, պոլսահայ հոգեւորականները եւ մեծ թիւով ուխտաւորներ հետեւեցան այս արարողութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը գահակալութեան շրջանին առաջին անգամ Տիրոջ Լոյս գերեզմանին վրայ մատոյց Ս. Պատարագ, ինչ որ անկրկնելի խորհուրդ մը կ՚ենթադրէ։

Մինչ այդ, երէկ երեկոյեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Երուսաղէմի Հայոց վանքէն ներս, Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի երդիքին տակ նախագահեց Ութօրէքի նախատօնակին։

Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ այցելեց նաեւ Երուսաղէմի հայկական երկու կրթօճախները՝ Ս. Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց վարժարանները։ Ուղեւորութեան ծրագրի այս փուլը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեսակէտէ զգացական մեծ նշանակութիւն ունէր, քանի Ս. Երուսաղէմի մէջ գտնուած շրջանին ան եղած էր Ս. Թարգմանչաց վարժարանի տեսուչը։ Թէ՛ սաներուն եւ թէ կրթական մշակներուն նկատմամբ ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էր նաեւ մեր համայնքէն բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան, որ վերջին տարիներուն կ՚ուսուցչագործէ Երուսաղէմի մէջ։

Հարկ է նշել, որ վաղը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղեւորութեան ծրագիրը պիտի հասնի իր աւարտին եւ ան պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023