ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԳԻՒՏ ՏՓՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ե­նի­գիւ­ղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցած Ա­րե­ւա­գա­լի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ներ­կայ էին Տ.Տ. Կո­րիւն Քահանայ Ֆէ­նէր­ճեան, Յու­սիկ Քահանայ Հեր­կե­լեան, Շիր­վան Քահանայ Միւր­զեան, ինչ­պէս նաեւ Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ, Կա­րօ Կսրկ. Սեղ­բո­սեան, Ե­դուարդ Կսրկ. Վար­ժա­պե­տեան եւ ե­կե­ղեց­ւոյ դպիր­նե­րը։

Յա­ւարտ Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թեան տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ ջրօրհ­նէք։

Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հո­գե­ւոր ու­րա­խու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ հա­մախմ­բուե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015