ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց խումբ մը հաշ­ման­դամ պա­տա­նի­ներ։ Ի ծնէ հաշ­ման­դամ եւ ման­կա­կան ու­ղե­ղա­յին կա­թուա­ծէ տա­ռա­պող Աշ­տա­րակ քա­ղա­քի բնա­կիչ Դա­ւիթ եւ Յաս­միկ Խա­չատ­րեան­նե­րը կը պատ­րաս­տուին դար­ման­ման հա­մար մեկ­նիլ Գա­նա­տա եւ այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լած էին՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թիւ­նը ստա­նա­լու հա­մար։

Նո­րին Սրբու­թեան յանձ­նա­րա­րա­կա­նին հա­մա­ձայն՝ պա­տա­նի­նե­րու բու­ժու­մը պի­տի կազ­մա­կեր­պուի Ա­րա­գա­ծոտ­նի եւ Գա­նա­տա­յի Հա­յոց թե­մե­րու հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քով։ Պա­տա­նի­նե­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէին Ա­րա­գա­ծոտ­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռո­շեան, թե­մի «Ս. Մա­րիա­նէ» ըն­կե­րա­յին կեդ­րո­նի հո­գե­ւոր պա­տաս­խան­տու Տ. Փա­ռէն Քհնյ. Ա­ռա­քե­լեան, կեդ­րո­նի տնօ­րէն Կա­րի­նէ Գրի­գո­րեան եւ ե­րա­խա­նե­րու մայ­րը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Դա­ւի­թին եւ Յաս­մի­կին փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւ­նը եւ ար­տա­յայ­տեց իր գնա­հա­տան­քը՝ եր­կու թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն հա­մար։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մաղ­թեց, որ Դա­ւի­թը եւ Յաս­մի­կը կա­րե­նան վե­րագտ­նել ի­րենց ա­ռող­ջու­թիւ­նը եւ լծուիլ սե­փա­կան իղ­ձե­րու կեն­սա­գործ­ման։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նաեւ մաղ­թեց, որ ե­րա­խա­նե­րը զօ­րեղ հա­ւատ­քով եւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ մեկ­նին բուժ­ման եւ ի­րենց օ­ճա­խը վե­րա­դառ­նան՝ ա­ռող­ջու­թիւ­նը վե­րագ­տած։

Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը բժշկու­թեան ա­ղօթք ար­տա­սա­նեց պա­տա­նի­նե­րուն հա­մար եւ ա­նոնց բա­րի ա­պա­քի­նում մաղ­թեց՝ ըն­ծա­յե­լով տէ­րու­նա­կան խա­չեր։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016